ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան, վկայակոչելով Սիւնիքի Ներքին Հանդի մէջ կատարուած հրատապ փաստահաւաք աշխատանքներու արդիւնքները՝ դիտել տուաւ, որ Նոր Հանդի գերեզմանատան, Հայրենական պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողի եւ Շինատեղ կոչուող գիւղատեղիի յարակից բլուրին վրայ, Մարտ 2022ի սկիզբը ատրպէյճանական զինուած ուժերու տեղակայումը, որոնց կարգին քանի մը վրաններու տեղադրումը եւ իրենց դիրքերէն թիկունք կառուցուող ճանապարհները նոր են:
Ըստ Գրիգորեանի՝ բնակիչները նախապէս նշուած տարածքին մէջ չեն նկատած ատրպէյճանցի զինուորներ կամ որեւէ դիրք՝ նշելով, որ դեռ երկու ամիս առաջ այդ տեղանքէն փայտ հաւաքած են:
Գրիգորեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ նոր դիրքաւորման իբրեւ արդիւնք՝ ուղիղ նշանառութեան եւ դիտարկման տակ յայտնուած են բնակավայրի գերեզմանատունը, Հայրենական պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը, եկեղեցին, ինչպէս նաեւ գիւղի արօտավայրերուն մեծ մասը՝ շուրջ 50 հեկտար, ինչպէս նաեւ քանի մը գիւղացիներու վարելահողերը եւ այգիները: Ան դիտել տուաւ, որ անասնապահութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղող բնակիչներուն համար այս իրավիճակը շատ լուրջ դժուարութիւններ ստեղծած է իրենց ապրուստը հոգալու աշխատանքին մէջ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը տեղեկացուց, որ այցելութեան արդիւնքները եւ հետեւութիւնները, ինչպէս նաեւ նշուած եւ այլ հարցերու լուծման առաջարկները ուղարկուած են կառավարութեան: