Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Փոխկառավարիչ(1985-1990), լիբանանեան եւ միջազգային դրամատնային, տնտեսագիտական ու ելեւմտական հարցերու խորհրդատու, տնտեսագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան ընթերցասէր հասարակութեան սեղանին վրայ կը դնէ «Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը» գիրքը:
Մկրտիչ Պուլտուքեան մանրակրկիտ ու յամառ պրպտումներու, փաստագրական աղբիւրներու լոյսին տակ հայ ընթերցողին կը ներկայացնէ Հայաստանի դրամատնային համակարգը, սկսելով Առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանէն, Խորհրդային Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը եւ վերջապէս՝ Երրորդ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանի դրամատնային համակարգի կազմաւորումը, իրագործած նուաճումները եւ հեռանկարները:
Հեղինակը միաժամանակ կ’անդրադառնայ վերջին երկու հարիւր տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի դրամագլուխին բոլորած հանգրուանները եւ յատուկ կերպով կ’ընդգծէ Օսմանեան ժամանակաշրջանի հայ դրամագլուխի տխուր ճակատագիրը՝ կորուստները եւ յափշտակութիւնները: Մեկնելով իր հարուստ փորձառութենէն, ան կ’առաջարկէ Հայաստանի Դրամատնային Համակարգը աւելի ճկուն եւ նախանձելի դարձնելու միջոցներ: Հեղինակը յատուկ կերպով կը շեշտաւորէ դրամատնային մշակոյթին կարեւորութինը հայ իրականութեան՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
Գիրքին յառաջաբանին մէջ Մկրտիչ Յ. Պւոլտուքեան կը նկարագրէ 19-րդ դարէն եւ 20-րդ դարու սկիզբը Հայաստանի քաղաքատնտեսական համայնապատկերը: Հեղինակը կ’ապացուցէ, թէ Կովկասի մէջ հայկական դրամատուն ստեղծելու ծրագիր գոյութիւն ունեցած է մինչեւ Հոկետմբերեան Յեղափոխութիւնը՝ 1917:
Գիրքին երկրորդ մասին մէջ, հեղինակը առաջարկներ կը ներկայացնէ դրամատնային համակարգ կազմաւորելու միջոցներուն, անոր զարգացման հանգրուաններուն վերաբերեալ:
Հետաքրքրական եւ խիստ ուսանելի են Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին Հայաստանի դրամատնային համակարգին մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները: Հեղինակը կ’անդրադառնայ Առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանի դրամանիշերուն: Ապա կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի Կեդրոնական դրամատուներուն շրջաբերութեան դրած դրամանիշները երախշաւորող ինչքերը, բաղդատելով Առաջին Հանրապետութեան շրջաբերութեան դրած դրամանիշերու երաշխաւորութեան գործընթացին հետ :
Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան պրպտող տնտեսագէտը կ’անդրադառնայ Խորհրդային Ժամանակաշրջանին գործող դրամատնային օրէնքներուն եւ ընդհանուր համակարգին, ապա Երրորդ հանրապետութեան՝ 1992-էն մինչեւ մեր օրերը՝ ստեղծուած դրամատնային նոր համակարգին հեռանկարներուն:
Գիրքի յաւելուածին մէջ, Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեան 1992-էն ի վեր կատարած իր դասախօսութիւններուն, հարցազրոյցներուն եւ յօդուածներուն ընդմէջէն կը փոխանցէ ներկայ շուկայական տնտեսութեան մէջ գործող Հայաստանի մէջ մնայուն ( Viable) դրամատնային համակարգ ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին իր թելադրութիւնները: Յատուկ բաժինով մը, հեղինակը կ’արժեւորէ Պէյրութի Ֆենիսիա պանդոկին մէջ, 30 Մարտ 2012-ին, Հայաստանի Դրամատուներու Միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայաստանի դրամատնային ներկայի իրավիճակը արտացոլացնող խորհրդաժողովը,բարձր գնահատանք մը փոխանցելով հանրութեան:
Իբրեւ լիբանանեան տնտեսական եւ ելեւմտական համակարգին ծանօթ անձնաւորութիւն, գիրքին վերջաբանին մէջ հեղինակը իբրեւ օրինակ կը ներկայացնէ Լիբանանի Դրամատնային համակարգը (ֆրանսերէնով):
Մատչելի եւ դիւրըմբռնելի ոճով, 152 էջերու մէջ խմբագրուած, որակաւոր տպագրութեամբ այս գիրքը, յանձնարարելի է ոչ միայն դրամատնային ու ելեւմտական համակարգերու հետ շփուող, տնտեսագէտներու, գործարարներու, համալսարանականներու, այլեւ իւրաքանչիւր հայու, ծանօթանալու՝ ներկայ Հայաստանի դրամատնային համակարգին եւ անոր արձանագրած իրագործումներուն:
ՅԱՐՈՒԹ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ