Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան
– Անլէեան Յարգինէ, «Վերապրիլ անտեսանելի պատերազմէն. Աղջիկ մը կը հասուննայ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ», «CreateSpace» հրատարակչական անկախ հարթակ, 102 էջ, յունուար 2018 (ատաբազարցի Յարգինէ Անլէեանի յուշերը Մեծ Եղեռնի տարիներուն մասին՝ գրուած իր ձեռքով ու թարգմանուած անոր դուստրերուն կողմէ) (անգլերէն):
– Արիսեան Նորա, «1915-ի Հայկական ցեղասպանութիւնը սուրիացի արաբ մտաւորականներու գնահատումով», թարգմանիչ՝ Գեղամ Ճ. Պոլոյեան, «Radici Future» հրատարակչութիւն, Պարի (Իտալիա), ապրիլ 2018, 268 էջ (իտալերէն):
– Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», գիրք Ը., «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2020, 296 էջ (16,7 x 23,4 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու` 20 տարբեր հատորներու մէջ լոյս տեսած վկայութիւններու ամփոփումներու հաւաքածոյ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, Յ. Իսկահատեանի կենսագրութիւնը):
– Կրին Ֆրետերիք Տեյվիս, «Հայկական ջարդերը կամ Մուհամմետի սուրը», Franklin Classics Trade Press, 542 էջ, նոյեմբեր 2018 (ապտուլհամիտեան ջարդերուն մասին 1896-ին Ֆիլատելֆիոյ մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը) (անգլերէն):
– Հոլսլակ Էնթընի, «Հայկական ցեղասպանութեան անդրսերունդային հետեւանքները. Արարատ լեռան ստորոտին», Ցեղասպանութեան պատմութեան Փալկրեյվ ուսումնասիրութիւններ, «Փալկրեյվ ՄաքՄիլան» հրատարակչութիւն, ապրիլ 2019, 291 էջ (15,4 x 23,2 սմ.) (անգլերէն):
– Մոմճեան Սերժ, «Դարպաս դէպի Հայաստան. Սփիւռքահայի մը ուղեւորութիւնը դէպի անցեալ եւ ներկայ», «Հետտոն» հրատարակչութիւն, 167 էջ, 2018 (սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան հիմնահարցին մասին) (անգլերէն):
– Մորկընթաու Հենրի, «Վոսփորի գաղտնիքը. Դեսպանի յուշեր», անգլերէնէ թարգմանիչներ՝ Տեյան Ացովիչ եւ Սլաճանա Մարինքովիչ, պատմական ակնարկի հեղինակ՝ Տեյան Ացովիչ, յառաջաբանի հեղինակ՝ Բաբգէն Սիմոնեան, հրատարակիչ՝ Պրաչ Նասթասիեւիչի անուան գրադարան, Կորնի Միլանովաց (Սերպիա), 2019, 396 էջ + 36 էջ լուսանկարներ (12 x 21 սմ.) (յուշեր, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, Մեծ Եղեռնի լուսանկարներ, քարտէս) (սերպերէն):
– Չարլուուտ Տեյվիտ, «Հայկական ցեղասպանութիւն՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մեծ ոճիրը», «Ահաբեկչութեան պատմութիւն» մատենաշար, հրատարակիչ՝ «Pen and Sword Military», ապրիլ 2019, 128 էջ (անգլերէն):
– Պապայեւ Ազեր, Շոխ Պրունօ եւ Շփանկեր Հանս-Եոախիմ (խմբագիրներ), «Լեռնային Ղարաբաղի փակուղին. Հակամարտութիւններու յաջող լուծումներէ խորաթափանցումներ», հրատարակիչ՝ «Շփրինկեր VS», Ա. տպագրութիւն, 2020 (անգլերէն):
– Պատրիկեան Պրիւս Տէյվիտ, «Հայաստանի մատնահետքը. Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ընտանիքի մը պայքարը ցեղասպանութեան դէմ», Բ. հրատարակութիւն, Xan Edu Publishing Inc., յուլիս 2019, 264 էջ (14,3 x 21,4 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Տիանա եւ Ալիսիա պարմանուհի քոյրերուն ականատեսի վկայութիւնները) (անգլերէն):
– Պարի Ճեյմս, «Հայ քրիստոնեաները Իրանի մէջ. Ազգայնութիւն, կրօն եւ ինքնութիւն Իսլամական Հանրապետութեան մէջ», Գոլումպիա համալսարանի հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք, դեկտեմբեր 2018, 322 էջ (15,6 x 23,2 սմ.) (անգլերէն):
– Պեմփորատ Էլիսսա եւ Ուորրըն Ճոյս Տապլեու. (խմբագիրներ), «Կանայք եւ ցեղասպանութիւնը – վերապրողներ, զոհեր, կատարողներ», Ինտիանայի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ինտիանա (Ա. Մ. Ն.), ապրիլ 2018, 344 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն):
– Պուճիգանեան Ռաֆֆի, «Ուղեւորութիւն ցեղասպանութեան ընդմէջէն – Վերապրողներու եւ մահացածներու պատմութիւններ», հրատարակիչ՝ «Տունտուրն», ապրիլ 2018, 192 էջ (12,6 x 20,2 սմ.) (անգլերէն):
– Պրոէս Լորանս, «Հայաստան եւ Ատրպէյճան. Հակամարտութեան մը մարդակազմութիւնը», Էտինպուրկի համալսարանի հրատարակչութիւն, Էտինպուրկ, հոկտեմբեր 2019, 352 էջ (16,1 x 22,7 սմ.) (հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերլուծութիւնը) (անգլերէն):
– Սանչեզ Էմմա, «Սպանդի դաշտերու լռութիւնը», հեղինակային հրատարակութիւն, յունուար 2019, 47 էջ (իրապատում վիպակ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով՝ հայուհիի մը առեւանգումը եւ թրքացումը ասքեարի մը կողմէ) (անգլերէն):
– Սատըք Շահիտ պէյ, «Իսլամը, Թուրքիան եւ Հայաստանը, եւ ինչպէ՞ս անոնք պատահեցան. Թրքական, իսլամական գաղտնիքները՝ քօղազերծուած», Բ. հրատարակութիւն, Forgotten Books հրատարակչութիւն, դեկտեմբեր 2017, 233 էջ (անգլերէն):
– Սարգսեան Սուրէն, «Միհրան Տամատեանի հրապարակախօսութիւնը», «Տիր» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2020: Լոյս տեսած է Թեքէեան մշակութային միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութեան մեկենասութեամբ:
– Տէր Պետրոսեան Լեւոն, «Հայաստանի ապագան, յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ եւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը», առաջին տպագրութիւն, «Փալկրեյվ Մաքմիլլան» հրատարակչութիւն, 174 էջ (անգլերէն):
– Տում-Թրակութ Ժասմին եւ Վինքլեր Տիթմար Տապլեու (խմբագիրներ), «Վանական կեանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ. Փառաւոր անցեալ, էքիւմենիք վերագնահատում», «Օրիանթալիա – Փաթրիսթիքա – Էօքիւմենիքա» մատենաշար թիւ 14, «LIT» հրատարակչութիւն, մարտ 2020 (անգլերէն):
Յ. Գ. Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լուսինէ Գասպարեանին (Նիւ Եորք)՝ անգլերէն գիրքերու մեծ մասին մատենագիտական տուեալները մեզի տրամադրելուն համար: