Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան
– Աբրահամեան Հրանդ, «Խորհրդային Հայաստանը համազգային պայքարի տարիներին (1988-1990թթ.), պատասխանատու խմբագիր՝ Գայեանէ Մախմուրեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 384 էջ: Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
– Ագշեհիրլեան Վարուժան, «Հայկական ճարտարապետութեան ազդեցութիւնների բացայայտումները Եւրոպայի միջնադարի քրիստոնէական կառոյցներում», Ա. գիրք, «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 380 էջ (քարտէսներ, գծագիրներ, լուսանկարներ): Լոյս տեսած է Լուդովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեաններու մեկենասութեամբ:
– Աւշարեան Ռուբէն, «Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու հայկական քուէն – 2018. Ուղղութիւններ եւ միտումներ», Պէյրութ, 160 էջ (21 x 29,7 սմ.) (230 աղիւսակներ եւ լուսանկարներ) (անգլերէն):
– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», թարգմանեց Օհաննէս Շիշքալ, խմբագիր՝ Ռոպեր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, ապրիլ 2020, 120 էջ (16,5 x 21,5 սմ.) (թրքերէն):
– «Իմ բարեկամ Թումանեանը», նախաբանը՝ Տիգրան Եկաւեանի, թարգմանիչ՝ Ալիս Վառվառեան-Սապունճեան, նկարները՝ Լորին Թոփալեանի, «Սիժեսթ» հրատարակչութիւն, Ալֆորվիլ – Ֆրանսա, 2020, 148 էջ (Յովհաննէս Թումանեանէն 5 պալլատ, 6 բանաստեղծութիւն եւ 12 պատմուածք) (ֆրանսերէն):
– «Հ. Բ. Ը. Միութեան Հաճընի որբանոցը 1919-1920», ներածութեան եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Պէյրութ, 288 էջ (որբերու անուանացանկ, լուսանկարներ, քարտէսներ) (հայերէն եւ անգլերէն): Լոյս տեսած է Կարապետ Պապահէքեանի մեկենասութեամբ:
– «Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարութիւնը թշնամիներու ծառայութեան մէջ», արաբերէնէ հայերէնի թարգմանիչին ինքնութիւնը՝ անյայտ, յառաջաբանի հեղինակ, ծանօթագրող, ցանկերու կազմող եւ խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, հեղինակային հրատարակութիւն, 2020, 112 էջ (Ա-5) (կարգ մը դաշնակցականներու վտանգաւոր գործունէութեան դատավարութիւնը Սուրիոյ պետական ապահովութեան բարձրագոյն զինուորական դատարանին առջեւ, Տամասկոս, 1961, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– «Մահուան տեսիլք – Մեծարանք հայ նահատակ գրող-բանաստեղծներու (1915-1945)», հրատարակիչներ՝ Թեսա Հոֆման եւ Ժիրայր Քոչարեան, դիմանկարներու հեղինակ՝ Խորէն Յակոբեան (Երեւան), Պրեմէն – Գերմանիա, «Տոնաթ» հրատարակչութիւն, Պերլին, 2020, 88 էջ (ծաղկաքաղ՝ բաղկացած 11 հայ հեղինակներու արձակ եւ քնարական ստեղծագործութիւններէ. Կոմիտաս (1869-1935), Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915), Սիամանթօ (1878-1915), Վահան Թէքէեան (1878-1945), Դանիէլ Վարուժան (1884-1915), Ռուբէն Սեւակ (1885-1915), Երուխան (1870-1915), Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915), Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915), Զապէլ Եսայեան (1874-1939-էն ետք) եւ Ինտրա (1875-1921), դիմանկարներ) (գերմաներէն):
– Մոմճեան Սերժ, «Մեծն Տիգրան – Հին կայսրութեան մը վերելքն ու անկումը», «Heddon Publishing», Լոնտոն, 2020 (հայ արքայից արքայի կենսագործունէութիւնը) (անգլերէն):
– Նազարեան Հայկ, «Մեծ Բրիտանիայի աշխարհառազմավարական շահերը Հայաստանում եւ Այսրկովկասում (1914-1920 թթ.)», գլխաւոր խմբագիր՝ Լեւոն Շիրինեան, Հայաստանի Ազգային արխիւ, Երեւան, 2020, 264 էջ (բրիտանական ռազմավարագիտական տեսութիւնները եւ անոնց կիրարկումը ասիական ռազմաճակատներուն վրայ եւ առաջին աշխարհամարտին յաջորդած տեղական պատերազմներուն մէջ, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ): Հրատարակութեան երաշխաւորած է Հայաստանի Ազգային արխիւի գիտական խորհուրդը:
– «Նոր Կտակարան», աշխարհաբարի թարգմանութիւնը՝ Սրապիոն արք. Ուլուհոճեանի (Աւետարաններ), Գարեգին վրդ. Գարանֆիլեանի (Գործք Առաքելոց) եւ Մեսրոպ ծ. Վրդ. Ճուրեանի, վերատեսութիւն՝ Մանուէլ եպս. Պաթագեանի, վերահրատարակութիւն Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, Պէյրութ, 2020 (նաեւ՝ պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն, գրութեանց ժամանակին, նպատակին եւ ուրիշ կողմերու մասին):
– Պաղտասարեան Էտիկ (Էտիկ Գերմանիկ), «Թուրքերու ծագումը» երկու հատորով, Բ. հատոր, Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն, Թորոնթօ, փետրուար 2020, 354 էջ (17 x 25 սմ.) (պարսկերէն)·:
– Քուրթ Իւմիթ եւ Սարաֆեան Արա (խմբագիրներ), «Հայերը եւ քիւրտերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին», հրատարակիչ՝ Ֆրեզնոյի համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ծրագիր, «Հայկական մատենաշար» թիւ 9, «Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ծրագիրի Գիտաժողովի մատենաշար» թիւ 1, Գալիֆոռնիայի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ֆրեզնօ, 2020 (22-23 սեպտեմբեր 2017-ին կայացած գիտաժողովին հնչած հինգ զեկուցումներ) (անգլերէն):
– «Քրիստափոր Միքայէլեանի անտիպ նամակները», «Վէմ» մատենաշար թիւ 1, խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան, Պէյրութ, 2020:
– «Օսմանեան բանակի զինուոր Սարգիս Հանիեանի վկայութիւնը», գրի առաւ Յակոբ Հանիեան, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Յակոբ Չոլաքեան, խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «Էդիթ պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 124 էջ (Ա-5) (Քեսապի Գարատուրան գիւղացի, հետագային հայրենադարձ Սարգիս Հանիեանի յուշերը օսմանեան բանակին մէջ Կարինի նահանգի ճակատներուն վրայ իր ծառայութեան մասին, Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ հայոց ցեղասպանութեան իր ականատեսի վկայութիւնները, Մուսուլէն մինչեւ այօսրուան Յորդանանի հարաւը իր հարազատներուն փնտռտուքը, քարտէսներ, լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ, տեղանուններու եւ ծանօթագրութեանց համար օգտագործուած գրականութեան ցանկեր): Լոյս տեսած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով: