– Աճեմեան Պորիս, «Ֆրանսա հայկական ներգաղթերու պատմութիւնը եւ յուշերը – Ռոնի հովիտի փոքր Հայաստանները», «Լիեօ Տիթ» (Lieux Dits) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2020 (Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքի հայկական գաղութներու պատմութիւնը 20-րդ դարու 20-ական թուականներէն մինչեւ այսօր) (ֆրանսերէն):
– Գազանճեան Արշակ, «Մեր դիտանկիւնէն – Ազգային մտորումներ ու կեցուածքներ», համադրում եւ խմբագրում՝ Ռուբէն Աւշարեան, «Տուոփրինթ» (Duoprint) տպարան, Պէյրութ, 2020, 500 էջ (Լոս Անճելոսի մէջ հրատարակուող Ս. Դ. Հ. Կ.ի «Մասիս» շաբաթաթերթի երկարամեայ խմբագիրի հրապարակագրութենէն ընտրանի մը):
– «Գարեգին Նժդեհ. Ասոյթներ», տպագրութեան պատրաստեց Անահիտ Յարութիւնեան, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, օգոստոս 2020, 196 էջ (14,8 x 9,7 սմ.) (տարբեր ասոյթներ Գարեգին Նժդեհի եւ Հայկ Ասատրեանի գրութիւններէն): Գիրքը նուիրուած է Դաւիթբէկեան ուխտերու հիմնադրութեան 100-ամեակին:
– Էդիլեան Գուրգէն, «Խաչատուր Աբովեանի կեանքն ու գործունէութիւնը», խմբագիր՝ Աշոտ Պետրոսեան, «ՎՄՎ – պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2020, 436 էջ (14,5 x 20,2 սմ.) (Խաչատուր Աբովեանի անձի ու գրական վաստակի հոգեբանական վերլուծութիւնը): Լոյս տեսած է Լիաննա Էդիլեանի նախաձեռնութեամբ ու միջոցներով՝ ի յիշատակ իր Աստղիկ ու Երանուհի հօրաքոյրերուն:
– Հայունի (Թոփալեան) Մեսրոպ վրդ., «Բանասիրութեան ուղեւորը՝ դոկտ. Հայր Ներսէս վրդ. Ակինեան (1883-1963)», հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 101, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2020, 396 էջ (մխիթարեան երախտաշատ հայագէտի կեանքն ու գիտական վաստակը):
– Նաճարեան Սարգիս, «1975-1990 – Պատնէշի վրայ – Դէպքեր եւ դէմքեր», «Փոմիկրավիւր» (Pomigravure) տպարան, Պէյրութ, 2020, 128 էջ (17 x 24 սմ.) (լիբանանահայ խմբագիր-հրապարակագիրին ակնարկներն ու յուշերը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներէն): Գիրքը նուիրուած է «լիբանանահայութեան, որ պատնէշի վրայ մնաց կեանքի գնով …»:
– Սիրապեան Վարուժան, «6-7 սեպտեմբեր 1955-ի ջարդերը. Սթամպուլ, Իզմիր», «Սիժեսթ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2020, 176 էջ (Սթամպուլի մէջ յոյներու, մասամբ նաեւ հայոց ջարդերու եւ ունեցուածքի փչացման մասին: Ծաւալի կէսէն աւելին դէպքերու, անոնց առնչուած թերթային հրապարակումներու եւ փաստաթուղթերու լուսանկարներն են) (ֆրանսերէն):
– Տէր Մաթոսեան Պետրոս (խմբագիր), «Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը (1918-1920) իր հարիւրամեակին. Քաղաքականութիւն, սեռ եւ դիւանագիտութիւն», յառաջաբանը՝ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի, հրատարակիչ՝ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերութիւն (SAS), Գալիֆոռնիոյ Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 2020 (յօդուածներու ժողովածու, լուսանկարներ) (անգլերէն): Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեամբ:
– Փաթի Սիւզան Փոլ, «Հայ լեգէոնականները. Զոհաբերութիւնն ու դաւաճանութիւնը առաջին համաշխարհային պատերազմում», անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Մետիամաքս»ի, Երեւան, 2020 (պատմութիւն, յուշեր, նամակներ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, հարցազրոյցներ): Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ:
Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան