Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)
– «Արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ կին գրողներ», կազմեց եւ խմբագրեց Յովսէփ Նալպանտեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2020, 560 էջ (17,5 x 24,6 սմ.) (61 հայագիր կին բանաստեղծներու, արձակագիրներու եւ հրապարակագիրներու ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ, անոնց եւ կազմողին կենսագրութիւնները, «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերուն ցանկը):
– Գոյունեան Գառնիկ աւագ քահանայ, «Խոկումներ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-ի ընթերցմամբ», Ա. տետր, Մոնթրէալ, 2022, 48 մեծադիր էջ: Տիրամօր յիշատակին նուիրուած գիրքը հրատարակած է տիկին Հուրի Հաքիմեան:
– Թաթոյեան Ռոպերթ, «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիսի նահանգի հայ բնակչութեան թիւը Մեծ եղեռնի նախօրեակին», հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամ»ի թիւ 10, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան (տպարան «Շիրակ», Պէյրութ), 2022, 208 էջ (24,1 x 20,1 սմ.) (հեղինակին կենսագրութիւնը եւ գիրքի բովանդակութեան անգլերէն ամփոփումը՝ կողքերուն վրայ, վիճակագրական բազմաթիւ աղիւսակներ, Բաղէշի նահանգի քարտէսը, յաւելուած՝ փաստաթուղթերու եւ վիճակագրական աղիւսակներու լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ յիշատակուած տեղանուններու ցանկեր): Լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր մօր՝ Անժելա Ղուշչեանի յիշատակին:
– Մխիթար Գօշ, «Առակներ», աշխարհաբարի վերածեց Վարուժան արք. [Հերկելեան], հրատարակութիւն «Գառնի» մատենաշարի, Պէյրութ, 2022:
– Չարենց (Սողոմոնեան) Եղիշէ, « «Ծիածանը» եւ…», ֆրանսերէնի թարգմանեց Արամ Բարլեզիզեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022 (Չարենցի բանաստեղծութիւններու «Ծիածանը» շարքը եւ ուրիշ ընտրուած բանաստեղծութիւններ՝ հայերէն բնագիրով եւ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ): Հատորը լոյս տեսած է Հ. Հ.ի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան ու Հ. Հ.ի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան աջակցութեամբ եւ նուիրուած է Ե. Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին ու մահուան 85-րդ տարելիցին):
– Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., «Հայ Գողգոթան», հայերէնէ թարգմանեց Նորայր Մեհրաբեան, խմբագիր՝ Գարուն Սարգսեան, հրատարակութիւն Ի. Ի. Հ.ի մէջ Հ. Հ.ի դեսպանութեան, «Հոզէ մաշղ» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 2022, 550 էջ (Մեծ Եղեռնի ականատես հոգեւորականի վկայութիւնը, դեսպան Արսէն Աւագեանի եւ Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի ողջոյնի գիրերը, հրատարակիչի եւ թարգմանիչի նախաբանները) (պարսկերէն):
– «Պօղոս Նուպար փաշա – Վաւերագրեր», կազմեց, ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Էմմա Յովսէփեան, գլխաւոր խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2021, 408 էջ (20,7 x 29,2 սմ.) (իբրեւ Ազգային պատուիրակութեան նախագահ եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի հիմնադիր-նախագահ Պօղոս Նուպարին վերաբերող 308 վաւերագիր, ծանօթագրութիւններ, հրատարակուած վաւերագիրներու, յիշատակուած անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ): Հրատարակութիւնը կատարուած է Հ. Բ. Ը. Մ.ի Ֆրանսայի մասնաճիւղին հովանաւորութեամբ եւ նուիրուած է Պօղոս Նուպարի ծննդեան 170-ամեակին:
– «ՌԱԿ-ի անխոնջ խմբագրապետը՝ Նուպար Պէրպէրեան», կազմող՝ Յակոբ Վարդիվառեան, խմբագիր՝ Պայծիկ Գալայճեան, Նիւ Ճըրզի, 2022, 501 էջ (Ն. Պէրպէրեանի խմբագրականներու ընտրանին):
– Սարգսեան Սուրէն, «Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Տեղեկատու» եռամսեայ պարբերականը», յաւելուած Հ. Բ. Ը. Մ.ի Գահիրէի «Տեղեկատու» եռամսեային թիւ 103, ապրիլ 2022, խմբագիր՝ Մարուշ Երամեան, հրատարակութեան համադրող՝ Պերճ Թերզեան, Գահիրէ, 2022, 122 էջ (15,9 x 22,4 սմ.) (պարբերականի ծննդեան, անցած ուղիի եւ բովանդակութեան համապարփակ ներկայացումը):
– Վիրապեան Ամատունի եւ Միրզոյեան Սոնիա (պատրաստողներ), «Ա. Համաշխարհային պատերազմի հայ սպաներ, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպաներ 1914-1920 թթ.», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, Երեւան, 2022, 1390 էջ (Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած 7000-է աւելի հայ սպաներու, նաեւ Հ. Հ.ի բանակին մէջ ծառայած հայ եւ օտարազգի սպաներու հակիրճ կենսագրութիւնը, հարիւրաւոր լուսանկարներ): Հատորը լոյս տեսած է Հրաչեայ Պօղոսեանի նիւթական միջոցներով: