ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 241
Հ.Բ.Ը.Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի գրասեղաններուն առջեւ նստած տարիներէս կը ճանչնամ այժմ իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը:
Ոչ միայն դասընկեր, այլեւ՝ Խալիլ Պատաուի թաղամասի լաւագոյն ընկերներէս մէկը եղած է Ռուբէնը: Ինք, Փանոսը, Թորոսը, Յակոբը, Թովմասը եւ տակաւին ուրիշներ: Յիշատակներու անմոռանալի դարան մը կայ այնտեղ, պատանեկան տարիներու անմեղ բարեկամութեան:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը տարբեր ցամաքամասեր փոխադրեց ոմանց: Տարիներ ետք կ’իմանայի, թէ Ռուբէնը ստանձնած է Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան Մ. Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ատենապետի պարտականութիւնը:
Ռուբէնը աշխատանքի բերումով վերադարձաւ Միջին Արեւելք: Այդ միջոցին ընթերցողին սեղանին դրաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ երկհատորեայ կոթողային հրատարակութիւն մը՝ « On The Record Armenian Deputies in The Lebanese Parliaments»:
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ Պէյրութ կատարած կարճ այցելութեան ընթացքին, նախաձեռնութեան մը մասին խօսեցաւ Ռուբէնը: Մտադրած էր հատորի մը մէջ ամփոփել լիբանանահայ ազգային հասարակական գործիչ, մտաւորական, խմբագիր, գիրքերու հեղինակ տոքթ. Արշակ Գազանճեանի ստորագրած յօդուածները: Տողերս գրողէն խնդրեց տպաւորութիւններ թուղթին յանձնել մեր բոլորին սիրելի տոքթորին մասին: Խոստացայ եւ կատարեցի: Ռուբէն կը փափաքէր Լիբանանի մէջ կազմակերպել ՝ « Տոքթ. Արշակ Գազանճեան- Մեր Դիտանկիւնէն, Ազգային Մտորումներ եւ Կեցուածքներ» ժողովածուին շնորհանդէսը, տոքթորին ներկայութեան: Դժբախտաբար պսակաւոր ժահրը, ապա Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական պայմանները խանգարեցին անոր ծրագիրը:
Շնորհակալ աշխատանք կատարած էր Ռուբէնը ընթերցողին ներկայացնելով թիթեղածածկ Սահակեան վարժարան յաճախած օրերէն «փոքրիկ ղեկավար»ի համբաւ վայլած տոքթորը, հատորին մէջ ամփոփելով կեցուածքներով հարուստ անոր յօդուածներուն, խոհերուն ընտրանին:
Մօտէն ճանչնալով տոքթ. Արշակ Գազանճեանը, հաճոյքով յափշտակեցի գիրքին բոլոր էջերը: Խորքին մէջ, նմանները հազուադէպ ազգային, հասարակական գործիչի մը արժանի երախտիք յայտնած էր իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը այս հատորով:
Տոքթ. Արշակ Գազանճեան փոքր տարիքէն մուտք գործած է Ս.Դ.Հ.Կուսակցութեան շարքերը, ստանձնելով զանազան պարտականութիւններ, ընդհուպ՝ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Կուսակցական գործունէութեան զուգահեռ, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցաւ իբրեւ յարգուած մտաւորական եւ հրապարակագիր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով տոքթորը ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Մ. Նահանգներ: Չէր փափաքեր հեռանալ ծննդավայրէն: Այնտեղ շարունակեց ազգային- կուսակցական ծառայութիւնները, ստանձնեց «Մասիս» պաշտօնաթերթի խմբագրապետի պարտականութիւնը: « Մասիս»ի սիւնակներուն մէջ ընթերցողին հաղորդեց մտաւորական մարդու, շրջահայեաց, լայնախոհ ղեկավարի իր խոհերը: Միաժամանակ, ընթերցողները հաճոյքով կը հետեւէին «Արարատ»ի մէջ յաճախակի լոյս տեսնող անոր յօդուածները:
Մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ Մ. Նահանգներ անոր մեկնելէ ետք: Լիբանան կատարած այցելութիւններուն անպայման կ’այցելէր «Արարատ»:
Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ քարտուղարի պարտականութիւնը ստանձնած ժամանակաշրջանիս, սերտօրէն գործակցած եմ մեր սիրելի տոքթորին հետ: Հարազատօրէն լսած եմ կուսակցական, ազգային, հայրենական զարգացումներուն վերաբերեալ անոր տեսակէտները, կեցուածքները, դառնութիւնները: Տոթքորին մէջ տեսած եմ բարեխիղճ մտաւորականը, նուիրեալ, անբասիր կուսակցականը, լայնախոհ հասարակական գործիչը եւ մարդը:
«Duo Print» տպարանէն լոյս տեսած, 493 էջերէ բաղկացած որակաւոր այս հրատարակութեան նախաբանը գրած է իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանը: Անոր կը յաջորդէ հատորին հրատարակութեան առիթով տոքթ. Արշակ Գազանճեանին խօսքը, ապա՝ կենսագրական գիծեր եւ վկայութիւններ:
Հատորը բաժնուած է զանազան մասերու՝ հայրենական մտահոգութիւններ,Արցախեան խոհեր, Սփիւռք- հայրենիք գործակցութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղիով, հայ- թուրք փոխ-յարաբերութիւններ, ամերիկեան քաղաքական իրավիճակ, Միջին Արեւելքն ու Սուրիահայութիւնը, դէմքեր եւ դէպքեր, ազգային- կրօնական հարցեր, ազգային ազատագրական պայքար, միջ-գաղութային ակնարկներ, խօսք՝ գնահատանքի
Գիրքը ըներցելէ ետք քանի մը անգամ հարց տուի. մեր ազգային հորիզոնին վրայ այլ Ռուբէն Աւշարեաններ պիտի յայտնուին արդե՞օք , յաւերժացնելու տոքթ. Արշակ Գազանճեանի նման անխոնջ երախտաւորներու ծառայութիւնները:
Հատորը արժանի գնահատական մըն է տոքթոր Արշակ Գազանճեանի վաստակին եւ արժէքաւոր ուղեցոյց մը ազգային-հասարակական կեանքի մկրտութեան պատրաստ երիտասարդութեան: