Երուանդ Քոչարի թանգարանը «Բարձր արուեստ» պատկերասրահի տնօրինութենէն ձեռք բերած է Քոչարի 1927-ին ստեղծած տարածանկարը ցուցադրելու բացառիկ թոյլտւութիւն: Այս մասին` ըստ Panorama.am-ի` տեղեկացուցած է թանգարանի ցուցադրութիւններու կազմակերպման եւ հանրահռչակման բաժինի վարիչ Կարինէ Քոչար: Քոչարի նորայայտ նկարին բառացիկ ցուցադրութեան բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 9-ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 30:
Քոչարի այս տարածական գլուխգործոցը շուրջ 70 տարի գտնուած է հաւաքածուներու տէր` ֆրանսացի յայտնի Փադրիս Դրիկանոյի հաւաքածուին մէջ: 2011-ին «Բարձր արուեստ» պատկերասրահը` Ս. Գրիգորեանի ջանքերով` այս տարածանկարը Փարիզէն բերած է հայրենիք:
Կ. Քոչար նշած է, որ նորայայտ տարածանկարը 5-8 Ապրիլ 2012-ին Մոնաքոյի թագաւորական ընտանիքին կողմէ հովանաւորուող, միջազգային Art business-ին մէջ բարձր վարկանիշ ունեցող «ArtMonaco-Expo»-ի մէջ արժանացած է «Լաւագոյն ստեղծագործութիւն» գլխաւոր մրցանակին: Նախորդ տարիներուն այս պատուին արժանացած են Փիքասոյի, Մարգրիտի գործերը:
Թանգարանին մէջ ցուցադրութիւնը պիտի ուղեկցուի մեկնաբանող հետեւեալ տեսաերիզներով` «Առաջին մեղսագործութիւն», «Քոչարը եւ Տարածական նկարչութիւնը», «քոչարի տարածանկարները» սահիկներ, «ArtMonaco-Expo»: Ցուցադրութիւնը բաց է ժամը 11 .00– 17.00, տեսաերիզներու ցուցադրութիւնը` ժամը 12.00-ին, 14.00-ին, 16 .00-ին: Թանգարանէն նաեւ տեղեկացուցած են, որ թանգարանը կրնայ աշխատիլ առաջարկած ժամանակացոյցով: