ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
- «Եւ շատ կարեւոր նրբութիւն մը, որ դիտել կու տան «կնքահայր»-երը, Փութինի եւ Ալիեւի յարձակումներուն իւրայատկութիւններուն անդրադառնալով»:
Կապոյտ ներկուածը դերբայական դարձուած մըն է, որ իբրեւ կորիզ ունի անդրադառնալով դերբայը:
Այս բոլորը կը լրացնեն «դիտել կու տան կնքահայրերը» նախադասութիւնը:
Անդրադառնալով դերբայը պէտք է ըլլայ դարձուածքին առաջին բաղադրիչը եւ դրուի լրացեալ նախադասութեան ճիփուճիշդ ետեւը:
Սապէս՝
—«Եւ շատ կարեւոր նրբութիւն մը, որ դիտել կու տան «կնքահայր»-երը՝ անդրադառնալով Փութինի եւ Ալիեւի յարձակումներուն իւրայատկութիւններուն:
Ոճաբանական նրբութիւն մըն է այս, որ պարտադիր է գիտնալ ու կիրարկել:
Եւ քանի ոճաբանութենէ կը ճառենք, ապա դիտել տամ, որ «յարձակումներուն իւրայատկութիւններուն» բառակապակցութեան երկու անդամներու հաւասարապէս «ուն» աւարտը խոցելի է. պէտք է առաջինը կիրարկել առանց «ն» յօդի, այսինքն՝ «յարձակումներու իւրայատկաութիւններուն»: Փորձեցէք ասոնք փոխնիփոխ հնչել քանի մը անգամ եւ պիտի ի վերջոյ անդրադառնաք, թէ որքան ընտիր ու բարեհունչ է այս վերջինը:
- «Կ՚անդրադառնայ Հայաստանի վրայ Ալիեւի յարձակումներուն եւ հրադադարի խախտումներուն, Ֆրանսայի լրատուական դաշտին ստիպելով որ՝ ազերական յարձակում-ներուն ճիշդ արձագանգէ եւ հասցէական ճիշդ բնորոշում տայ»։
Դերբայակաան դարձուած մըն ալ կը գտնենք այս բարդ նախադասութեան մէջ՝ նմանապէս կապոյտ ներկուած. այստեղ դերբայն է ստիպելով, որ պէտք է յաջորդէ լրացեալ նախադասութեան վերջին բառին, որ է «խախտումներուն»:
Սա՛պէս՝
—«Կ՚անդրադառնայ Հայաստանի վրայ Ալիեւի յարձակումներուն եւ հրադադարի խախտումներուն՝ ստիպելով Ֆրանսայի լրատուական դաշտին որ՝ ազերական յարձակում-ներուն ճիշդ արձագանգէ եւ հասցէական ճիշդ բնորոշում տայ»։
* * *
Այս երկրորդ օրինակին մէջ գործուած են հետեւեալ սխալները եւս.
—ստիպել բայը հայցական հոլով ուղիղ խնդիր կը պահանջէ. ուրեմն՝ «ստիպելով Ֆրանսայի լրատուական դաշտը»:
–որ-ին վրայ բութ դրուած է. նման բան չի կրնար պատահիլ:
Այդ բութը պիտի դրուի ստիպելով դերբայէն առաջ՝ խախտումներուն վրայ:
Նոյնը ըրած ենք նախորդ օրինակին մէջ:
Իսկ որ-էն առաջ կու գայ ստորակէտ մը:
Ուրեմն՝
—«Կ՚անդրադառնայ Հայաստանի վրայ Ալիեւի յարձակումներուն եւ հրադադարի խախտումներուն՝ ստիպելով Ֆրանսայի լրատուական դաշտը, որ ազերական յարձակում-
ներուն ճիշդ արձագանգէ եւ հասցէական ճիշդ բնորոշում տայ»։
Չեմ գիտեր, թէ վերջին տողին մէջի ազերական ածականը կամաւո՞ր դրուած է, թէ՞ վրէպ մըն է. ակնկալուածը ազերի-ազերիական է, քանի որ բառիս արմատը ազեր չէ, այլ ազերի է, որ պէտք է ազերիական տայ:
Ճիշդ ինչպէս՝ ալեւի-ալեւիական, տիւրզի-տիւրզիական, միտանի-միտանիական…
26/11/22
- «Համաձայնութիւն գոյացած է՝ այս դժուար կացութեան մէջ Հայաստանին օժանդա- կութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ»:
Վերաբերեալ դերբայը բացարձակապէս ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի այս նախադասութեան մէջ. հիւանդագին աւելորդաբանութիւն մըն է ան, որ հիմա վարակած է ողջ արեւմտահայ մամուլը եւ արեւմտահայ (լրա)գրողներուն ուղեղը:
Ուրեմն՝
—«Համաձայնութիւն գոյացած է՝ այս դժուար կացութեան մէջ Հայաստանին օժանդա- կութիւն ցուցաբերել»:
Երբեմն մէկ բառի դիրքը կը խեղէ նախադասութեան դէմքը. այստեղ անյարմար շարադասուած է Հայաստանին տրական հոլով խնդիրը, որ պէտք է գտնուի «օժանդակութիւն ցուցաբերել» բայէն ետք:
Սա՛պէս՝
—«Համաձայնութիւն գոյացած է՝ այս դժուար կացութեան մէջ օժանդակութիւն ցուցաբերել Հայաստանին»:
Եթէ քանի մը անգամ կարդաք զոյգ օրինակները, պիտի հետզհետէ անդրադառնաք, որ վերջինն է բարեհունչը, հայեցին, վայելուչը:
Արդէն ամէն ինչ որ հայեցի է, ինքնաբերաբար վայելուչ կը հնչէ:
Մեր (լրա)գրողները դժբախտաբար ժամանակ չունին զբաղելու նման բաներով, ծանրաբեռնուած են, եւ յօդուածները գրաշարին կը հասնին հեւ ի հեւ՝ առանց անցնելու սրբագրիչի մը բարեկարգիչ բովէն:
Պատճառ դառնալով, որ հեւայ հայերէնի ոճաբանութիւնն ալ:
Այս ալ նկատուած է, որ գրող մը սովորաբար չ’անդրադառնար իր սեփական սխալներուն, որոնք շատ աւելի հեշտ կը նկատուին ու կ’որսացուին երկրորդ կամ երրորդ աչքի մը կողմէ: Բայց ի՛նչ ընենք, եթէ ոչ փառք տալ ու գուրգուրալ այսքանին ալ:
- Արայիկ Յարութիւնեան 23-ի հրամանագրերով 9 նախարարներ ազատ կացուցուած է իրենց պաշտօններէն:
Նախարարներ յոգնակի ենթակային տրուած է «է» եզակի դիմաւոր բայ:
Կարծեմ դուք ալ պիտի չընդունէիք այս բանը, որ մեր բոլորին աչքերը կը ծակէ:
Ուրեմն տրամաբանօրէն՝ «9 նախարարներ…կացուցուած են»:
Սակայն ես ուրիշ ըսելիք ունիմ, որ ահաւասիկ.
Ճիշդ չէ նախարարներ գոյականը յոգնակի գործածել 9 թուականին հետ. արեւմտահայերէնը կը նախընտրէ ըսել՝ «9 նախարար». կը կարծեմ թէ նոյնը կ’ընէ արեւելահաերէնն ալ:
Ուրեմն՝ «9 նախարար կացուցուած է»:
Տակաւին սխալ կիրակուած է կացուցուած կրաւորականը: Պէտք է ըլլայ՝ կացուցած է:
Ամփոփելով այս բոլորը՝ կ’ունենանք.
—«Արայիկ Յարութիւնեան 23-ի հրամանագրերով 9 նախարար ազատ կացուցած է իրենց պաշտօններէն»:
Մրցոյթ 95.
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
—Համացանցը լեցուն է մարդոց հետաքրքրութիւնը շարժող հազար ու մէկ նիւթերով:
—Ընթերցասէր հանրութիւնը առիթ կ՚ունենայ ծանօթանալու անոր եւ ըմբոշխնելու անոր վաստակը:
—Գերձայնային հրթիռը կրնայ թռչիլ ձայնէն հինգ անգամ աւելի արագ:
—Անօդաչու սարք մը յարձակեցաւ քարիւղատար նաւու մը վրայ:
—Դղեակը կը պատկանի հրեայ միլաիռատէրի մը ընկերութեան:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Հայկ Իւթիւճեան (7), Գէորգ Եազըճեան (9), Ցոլակ Ապտալեան (2), Համբարձում Յարթունեան (6), Լեւոն Շառոյեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (6):
***Վերաշարադրէ հետեւեալները.
— Անոնց հանդիպումն ու ձեռք սեմելը կրնայ բարելաւել յարաբերութիւնները:
—Երկրաշարժի մեծագոյն վնասը կայացաւ Արդարադատութեան շէնքի վրայ։
—Հաստատութիւնը արդէն կարելի չէր երկու հոգիով կառավարուի:
—Մեզմէ իւրաքանչիւրը անտարբեր պէտք չէ մնայ իր հայրենիքին հանդէպ։
—Թուրքիա պէտք է գտնուի նոր աշխարհակարգի կեդրոնին մէջ: