Երկուշաբթի յետմիջօրէին սկսած այս հոլովոյթը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ եւ հաւանական է որ աւարտի այսօր:
Ճարտարարուեստի Նախարարութիւն
Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան երէկ առաւօտեան նախարարութիւնը ստանձնեց նախկին նախարար Իմատ Հուպալլայէն, որ ներկայացուց նախարարութիւնը ստանձնած ամբողջ ժամանակաշրջանին իր ունեցած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Պուչիքեանին յանձնեց այն ռազմավարութիւնը, որ մշակած է` ճարտարարուեստի մարզին աշխուժութիւնը ապահովելու նպատակով:
Հուպալլա յաջողութիւն մաղթեց նախարար Պուչիքեանին` նշելով, որ ինք վստահ է, թէ նախարարը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ճարտարարուեստի մարզը վերածելու արտադրողական մարզի եւ արդիւնաբերութիւնը հասցնելու բարձր մակարդակի ու ինքնաբաւութեան` հիմնուելով լիբանանեան կարողութիւններուն վրայ:
Իր կարգին, Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ քաղաքացիներու կարիքներուն ապահովումը` լիբանանեան արտադրութեամբ, պահպանելով որակը, մատչելի սակերն ու մրցունակութիւնը:
«Մեծ համեմատութեամբ արտածումին վստահիլը մեծ հարցեր պատճառած է եւ պետութիւնը սնանկացուցած», ըսաւ Պուչիքեան` աւելցնելով, որ աշխատանքը նոյն ոճով պիտի չշարունակուի, որովհետեւ անիկա երկրի ճարտարարուեստի մարզին եւ անոր ապագային հսկայ հարուած մը հասցուցած է:
Ան նշեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութեան համար գլխաւոր մարտահրաւէրը կը մնայ արտադրողականութեան թափ տալն ու արտածումը, ինչպէս նաեւ ներածումի համեմատութիւնը կարելի եղածին չափ նուազեցնելը:
Պուչիքեան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարելաւելու համար ճարտարարուեստի մարզը եւ ապահովելու համար անոր բարգաւաճումը: