Կազմակերպութեամբ «Նոր Սերունդ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քատիր Աքընի «Ռետ» (մերժում) վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ էին ժապաւէնի բեմադրիչ եւ արտադրող Քատիր Աքընը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Կարօ Փայլանը:
«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիգրան Միհրանեան, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց ժապաւէնի խորհրդական Ալեքսան Քէօշկէրեանը: Քէօշկէրեան նշեց, որ «Ռետ» բառը թրքերէն «մերժում» կը նշանակէ, իսկ անգլերէն` կարմիր, բայց եւ այնպէս ինք զայն կը սահմանէ իբրեւ «կարմիր մերժում», այսինքն` յեղափոխութիւն: Խօսելով ժապաւէնին նախապատրաստական աշխատանքին մասին` Քէօշկէրեան յայտնեց, որ «Ռետ» ժապաւէնը հիմնուած է Աքընի «Փարամազ. Հայ յեղափոխականը եւ հայ սոցիալիստները` Ապտիւլ Համիտէն մինչեւ Իթթիհատ Վէ Թերաքքի» գիրքին վրայ, որ հեղինակը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: 55 վայրկեան տեւողութեան ժապաւէնը նկարահանուած է Թուրքիոյ, Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ մէջ: Անոր նկարահանումի որակը, գոյներու ճշդումը, ձայնի զտումը եւ պատկերներու ընտրութիւնը ապացոյցներ են աշխատակազմին արհեստավարժութեան բարձր մակարդակին ու Աքընին բեմադրական կարողութիւններուն, ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թրքական, հայկական եւ օտար աղբիւրներ օգտագործած է հեղինակը: Ի դէպ, ժապաւէնին մէջ իրենց պատմական փաստերու մէջբերումներով հանդէս կու գան Այշէ Հիւր, Գայուշ Չալըքման-Կաւրիլոֆ, դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեան, Կարօ Փայլան, Էրտողան Այտըն եւ Բագրատ Էսթուքեան:
Քէօշկէրեան դիտել տուաւ, թէ ժապաւէնին մէջ պատկառելի բաժին յատկացուած է հայկական կուսակցութիւններու ծագումին ու անոնց դաւանած գաղափարախօսութիւններուն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոնց տարած գործունէութիւններուն ու դիրքորոշումներուն, որոնց լոյսին տակ հեղինակը կը յայտնէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Թուրքիոյ ընկերվարական շարժումը կորսնցուած է իր արմատները, իսկ ժապաւէնը լուրջ փորձ մըն է Թուրքիոյ ձախերուն ցոյց տալու, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի առաջին ընկերվարական երեսփոխանները թուրքեր չէին, իսկ ընկերվարական երեսփոխաններու խումբին առաջին ղեկավարները եղած են հնչակեան Համբարձում Պոյաճեանն ու պուլկարացի Վլախովը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Քատիր Աքըն: Ան ըսաւ, թէ Փարամազի եւ անոր ընկերներուն մասին աշխատանքը սկսած է ութ տարիներ առաջ, երբ ան յայտնաբերած է քսան կախաղաններուն մասին: Ուսումնասիրութիւններէ ետք յայտնաբերած է, որ այս մասին թրքական աղբիւրներ ոչ մէկ բան կը յիշատակեն, մինչ դէպքը համաշխարհային առումով իր կարեւոր տեղը ունի: Ապա, Աքըն դիմելով Երեւան մեկնող բարեկամներու օգնութեան, ծանօթացած է Քէօշկէրեանին: Ան յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով քսան կախաղաններուն ոգեկոչումը կատարած են դէպքէն 98 տարի ետք` Պայազիտի հրապարակին վրայ, ուր տեղի ունեցած է դէպքը: Աքըն պատմեց նաեւ Փարամազին նուիրուած գիրքին մասին, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է Թուրքիոյ մէջ, եւ այս տարի կը պատրաստուի անոր հինգերորդ հրատարակութիւնը: Անդրադառնալով ժապաւէնին` Աքըն յայտնեց, որ գիրքի կողքին կարեւոր էր տեսողական աշխարհին մէջ արտադրել նման վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն աշխատանքը սակայն Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ դէմ յանդիման գտնուած է բազմաթիւ դժուարութիւններու: Այս գործը ձախակողմեաններու գիտելիքներուն վերաբերեալ կասկած յառաջացուցած է ու զանոնք հետազօտելու մղած է, ըսաւ ան: «Այժմ Թուրքիոյ մէջ որոշ ձախ ընկերվարական կազմակերպութիւններ սկսած են աւանդութիւններն ու պատմութիւնները հարցաքննելու. ՍԴՀԿ-ը ՀՅԴ-ն եւ ՌԱԿ-ը ճանչնալու կ՛աշխատին® ի հարկէ չեմ կրնար ըսել, որ այս բոլորը բաւարար են, տակաւին շատ երկար ճամբայ կայ կտրելիք», ըսաւ ան:
Աւարտին, իր սրտի խօսքը ուղղեց Կարօ Փայլան: Ան ըսաւ, թէ լաւ լուրեր չի բերեր պապենական հողերէն, քանի որ 2015-էն ի վեր Էրտողանի մենատիրութեան տակ մնացած է ան, եւ բոլոր ձայները խուլցած են: Ան զուգահեռներ գծեց Աքընի ներկայացուցած Օսմանեան կայսրութեան տակ ժողովրդավարութեան համար պայքարող հայերուն եւ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ պայքարող ժողովրդավար հայերուն, քիւրտերուն եւ թուրքերուն միջեւ, ըսաւ, թէ միասնաբար ժողովրդավարութեան համար պայքարելու գնով շատեր կը բանտարկուին, բայց եւ այնպէս պայքարը պիտի շարունակուի, որովհետեւ Փարամազին եւ Հրանդ Տինքին երազները պէտք է շարունակուին: