Նոր Տարուան առիթով հետեւեալ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ.
– Նոր տարուան գիշերը, կիրակի, ժամը 12:00-ին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու մասնակցութեամբ, տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական արարողութիւն եւ պիտի ղօղանջեն մայր տաճարին զանգերը:
– Նոր տարուան գիշերը, ժամը 12:00-ին, դիմատետրի (Ֆէյսպուք) Cilicia TV-ի էջին վրայ վեհափառ հայրապետը Նոր տարուան իր պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին:
– Երկուշաբթի, 1 յունուար 2018-ին, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
– Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ պատգամ պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդին եւ շնորհաւորութիւններ պիտի ընդունի մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00:
– Դարձեալ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:30-ին, «Օ. Թի. Վի.»-էն, վեհափառ հայրապետը հարցազրոյց մը պիտի ունենայ: