Սուրիոյ հակամարտութիւնը կարգաւորելու առաքելութեամբ «Ժընեւ 2-» խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները սպասողական կացութեան մը դէմ յանդիման դրած են Միջին Արեւելքի պետութիւնները: Լճացած այս իրավիճակը ինքնին ապացոյց է, որ պետութիւններ, իրենց աջով ու ձախով, հիւսիսով ու հարաւով, Սուրիոյ աղէտին վախճանական արդիւնքին վրայ դրած են իրեց գրաւը: Ռազմական գետնի վրայ, մինչեւ 22 Յունուարի խորհրդաժողովը, աւելի բուռն եւ վճռական բախումներու ականատեսը պիտի դառնայ միջազգային ընտանիքը: Կողմերը պիտի փորձեն առաւելագոյնը կորզել՝ բանակցութիւններու սեղան աւելի ծանր պայմաններով ներկայանալու նպատակով: Ռազմական գետնի վրայ առաւելագոյն տարածութիւներ իր գերիշխանութեան տակ վերցուցած ծայրայեղականները պիտի բացակային խորհրդաժողովէն: Փոխարէնը՝ Միացեալ Նահանգներ եւ յատկապէս Ֆրանսա տենդագին կը փորձեն համախոհութիւն ստեղծել ընդդիմութեան մնացեալ հոսանքներուն միջեւ: Խորհրդաժողովին մասնակցող սուրիական պատուիրակութեան կեցուածքը պիտի ըլլայ յստակ՝ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն: Իշխանութիւնները պիտի մերժեն քաղաքական սեղանի միջոցաւ տեղի տալ այն ինչ՝ ընդդիմութիւնը ձախողեցաւ նուաճել ռազմական գետնի վրայ: Գալով վարչակարգին՝ արտաքին միջամտութիւններէ զերծ հանրաքուէն պիտի որոշէ անոր ճակատագիրը: ՝
Սպասողական այս կացութիւնը ինքնակոչ արձակուրդ մը պարգեւած է Լիբանանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն՝ քաղաքական եւ վարչական կառոյցներու մեծամասնութեան: Միջազգային վիճակագրական կազմակերպութիւն մը վերջերս կը գրէր, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը կը գործէ իր կարելիութիւններուն միայն երեսունհինգ առ հարիւր կարողականութեամբ: Բոլորը դուքսի եկած, կը սպասեն 22 Յունուարին, Մոնթրոյի մէջ նախատեսուած վիրաբուժական գործողութեան արդիւնքին: Կարեւոր իրադարձութիւններ կը սպասեն Լիբանանը. նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ընտրական նոր օրինագիծը, խորհրդարանի ընտրութիւնները, նախագահական ընտրութիւնները, ծովային սահմանագիծերու յստակացումը, թուելու համար քանի մը հատը…:
Բեւեռացումը կանխելու եւ երկիրը քայքայիչ արկածախնդրութիւններէ խնայելու մտահոգութեամբ, նախագահ Միշէլ Սըլէյման կը փորձէ երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբել քաղաքական կողմերը:
Նախագահ Միշէլ Սըլէյման անկեղծ է իր կեցուածքներուն մէջ երբ կ’արտայայտուի երկխօսութեան նիստերուն եւ Պաապտայի Յայտարարութեան կառչած մնալու անհրաժեշտութեան մասին: Բայց արդեօ՞ք քաղաքական բոլոր ուժերը կը բաժնեն նախագահին մտահոգութիւնները: Դժբախտաբար, քիչերու մօտ կը նշմարուի այդ մէկը: Ոմանք՝ իրենց իսկական խաղատոմսերը ծածկելու նպատակով, սպառողական պարէնի վերածած են նախագահին կեցուածքները:
Մինչ նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի պաշտօնավարութեան ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին, քաղաքական հորիզոնին վրայ նոր նախագահի մը ընտրութեան յոյսերը կը մնան մեղկ: Սահմանադրութեան համաձայն, նախագահական ընտրութիւնները պէտք է կայանան յառաջիկայ Մայիսին: Սակայն նոր կառավարութիւն կազմելու յուսահատ ճիգերը, անդամալոյծ վարչական կառոյցները, խիստ անհրաժեշտ կը դարձնեն համախոհութիւնը, այլապէս՝ պիտի գտնուինք նախագահական մակարդակի անիշխանականութեան առջեւ, որովհետեւ հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնան երկրիրը սահմանադրական դատարկութեան մէջ ձգելու փորձերը:
Միւս կողմէ, Թայէֆեան սահմանադրութիւնը բաւական սահմանափակ ընտրանքներու առջեւ դրած է երկրին նախագահը: Ճիշդ է, որ հանրապետութեան նախագահը կը վայելէ քաղաքական ուժերու մեծամասնութեան վստահութիւնը, այսուհանդերձ, իրաւականօրէն, ան չի կրնար վաղաժամ ընտրութիւններ յայտարարել կամ լուծել այժմու խորհրդարանը: Առաւել եւս, Սըլէյման չի կրնար առանց նորանշանակ վարչապետին ստորագրութեան կազմել կառավարութիւն: Այսօրուան դրութեամբ, Լիբանան ոչ միայն չի կրնար կազմել նոր կառավարութիւն, այլեւ՝ կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւններ, մշակել ըտրական նոր օրինագիծ: Քաղաքականապէս անդամալոյծ այս կացութեան մէջ, նախագահ Սըլէյման իր հնարաւոր կարելին կը փորձէ՝ կողմերը հրաւիրելու երկխօսութեան եւ հաւասարկշռութիւն պահպանելու քաղաքական հոսանքներուն միջեւ:
Նախագահ Սըլէյման քանիցս կը մերժէ վերընտրուելու առաջարկները, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս երկարաձգելու կոչերը: Սակայն տիրող անիշխանականութեան մէջ, երբ քաղաքական գլխաւոր հոսանքները ժամանակի վրայ դրած են իրենց գրաւը, սպասողական այս ժամանակահատուածը բաւական նպաստաւոր պիտի ըլլայ Սըլէյմանի համար: Նախագահը կ’ակնկալէ, որ քաղաքական հոսանքները ժամանակի ընթացքին կը վերստանձնեն իրենց ազգային պարտականութիւնները, մինչ ինք՝ հաւատարիմ մնալով երկրի սահմանադրութեան, երկիրը պիտի փորձէ փրկել քաղաքական պարապութեան սպառնալիքէն եւ իշխանութիւնը հրաժարեալ կառավարութեան մը յանձնելու փաստէն:Կառավարութիւն, որ կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը:
Քաղաքական աննպաստ եւ ապահովական վերիվայրումներով յղի օրերը նոր փորձութիւն մը պիտի ըլլան լիբանանցիներուն համար:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ