2014 թուականը Յովհաննէս Չէքիջեանի տարին է: Ականաւոր խմբավարի անունը այսօր կը հնչէ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, անոր միջոցով աշխարհը ճանչցաւ հայ երգը, անոր միջոցով հայ խմբերգային արուեստը հասաւ իսկապէս համաշխարհային բարձունքներու: Յովհաննէս Չէքիջեանի մեծագոյն ծառայութիւնը Կոմիտասին ուղղուած էր, քանզի հէնց անոր շնորհիւ կոմիտասեան մեղեդիները հասանելի դարձան շատերուն, կոմիտասեան երգը դարձաւ աշխարհի յայտնագործութիւններէն մէկը: Եւ ահա նշանաւոր խմբավարի ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած է ձեռնարկներու շարք, որուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով եկած է մասնակցելու Մարսէյլի «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը, որ Սփիւռքի ամենանշանաւոր երգչախմբերէն է, Եւրոպայի մէջ մեծ ճանաչում ձեռք բերած համոյթ, որու համերգները տեղի ունեցած են եւրոպական տասէ աւելի երկիրներու մէջ:
Մենք Հայաստան եկած ենք մասնաւորաբար Յովհաննէս Չէքիջեանին նուիրուած համերգաշարին մասնակցելու` ինծի համար անչափ սիրելի նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի հրաւէրով: Ուրախ ենք, որ ան մեզ հրաւիրեց եւ նաեւ առաջարկեց գալիք օգոստոսին մասնակցելու մեծ համերգին, որ պիտի կայանայ Օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեծ համերգասրահին մէջ: Յովհաննէս Չէքիջեան համաշխարհային անուն է: Սթամպուլէն գալով Հայաստան եւ դառնալով ակադեմիկ երգչախումբի ղեկավար` ան իրեն համար ընտրեց հրաշալի ճանապարհ: Եւ այդ ճանապարհը Կոմիտասն էր: Չէքիջեանը իւրովի զգաց Կոմիտասին, ան բացայայտեց կոմիտասեան երաժշտութեան գաղտնիքները, Չէքիջեանի շնորհիւ Կոմիտասը դարձաւ համաշխարհային անուն: Բազմաթիւ կատարումներ կ’ապշեցնեն եւ կը հիացնեն, կոմիտասեան մեղեդիներու մատուցումները կը դառնան աղօթք ու ներշնչանք,- մեզի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի ղեկավար Խաչիկ Եըլմազեան:
Խաչիկ Եըլմազեան այս երգչախումբը կը ղեկավարէ երեսունվեց տարի: Աւարտելով Տորտմունտի պետական երաժշտանոցը` ան հրաւիրուած է Մարսէյլ եւ ստանձնած «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի ղեկը` նոր շունչ հաղորդելով հայ երգի նուիրեալ համոյթին:
Տաս տարիէ աւելի չէր գործած երգչախումբը: Յառաջացած խնդիրներ կային, որոնք հարկաւոր էր հարթել: Յայտարարութիւն տուինք, եւ հաւաքուեցաւ հարիւրէ աւելի երաժշտասէր: Ամէն մէկուն մէջ մեծ մղում եւ ցանկութիւն կար մասնակից դառնալու երգչախումբի աշխատանքներուն: Երգչախումբը նաեւ կամուրջ էր Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն եւ հայ երգի միջեւ: Մարսէյլի հայ համայնքը հիմնականին մէջ միատարր էր, այստեղ գլխաւորապէս հաւաքուած էին Մեծ եղեռնէն մազապուրծ հայեր, որոնք տակաւին չէին կտրած իրենց կապը հայկականութեան հետ: Պատահական չէ, որ Մարսէյլի համայնքը կարելի էր ինքնուրոյն հանգրուան անուանել, որովհետեւ ստեղծուած էին բոլոր ազգային, կրթական, մշակութային եւ, բնականաբար, նաեւ եկեղեցական կառոյցները: Հետեւաբար երգչախումբի վերյառնումը մեծ ոգեւորութիւն ծնաւ բոլորին մօտ: Մեծ ընտրութիւն կատարուեցաւ. 100 հոգիէ ընտրուեցաւ յիսունը: Առաջնային պահանջ էր մասնագիտական կարողութիւնը, երգելու հմտութիւնը: Եւ ահա շուրջ երեսունվեց տարի երգչախումբի անդամները, իրենց ամենօրեայ աշխատանքէն ետք, իրենց գործատեղերուն մէջ անցնելով 8-10 ժամ, կու գան փորձելու, անսահման նուիրումով երգեր: Հայ երգը անոնց համար հոգեւոր պահանջք դարձած է»,- շարունակեց երգչախումբի բազմափորձ ղեկավարը:
Այս երգչախումբի համար ալ առաջին մեծութիւնը Կոմիտասն է: Կրօնական տօներու ժամանակ երգչախումբը կը կատարէ Կոմիտասի Պատարագը: Կոմիտասի ուշադրութիւնը ժողովրդական երգի հետ մէկտեղ զբաղեցուցած է նաեւ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Մեծնալով Էջմիածինի մէջ, կրթութիւն ստանալով եւ աշխատելով հոգեւոր ճեմարանին մէջ` ան չէր կրնար անտարբեր մնալ հայ հոգեւոր երաժշտութեան նկատմամբ. այդ իմաստով պատահական չէր անոր կողմէ Պատարագի ստեղծումը: Այն առաջին անգամ հրատարակուած է 1933 թուականին Փարիզի մէջ, կոմիտասեան խնամատար յանձնաժողովի ջանքերով` «Դաշնաւորեալ երգեցողութիւնք սրբոյ պատարագի, վասն միասեռ արական խումբի» խորագիրով: Բնագիրը սեւագրութենէն վերծանած եւ խմբագրած է Կոմիտասի սան, երգահան եւ խմբավար Վարդան Սարգսեան: Պատարագը Մարսէյլի «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբը առաջին անգամ հնչեցուցած է հէնց Վարդան Սարգսեանի ղեկավարութեամբ: Ան հիմնած է այս երգչախումբը եւ երկար ժամանակ ղեկավարած: Խաչիկ Եըլմազեան մեծագոյն յարգանքով խօսեցաւ Կոմիտասի աշակերտի ներբերած ձեռքբերումներուն մասին, կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ Վարդան Սարգսեանի շնորհիւ այս երգչախումբը յաջողած է հնչեցնել այս բարդագոյն ստեղծագործութիւնը: Կոմիտասեան Պատարագը կը տարբերի բոլոր նախորդ նմանօրինակ գործերէն, այդ թիւին` Մակար Եկմալեանի Պատարագէն: Չնայած վերջինս քննադատութեան ենթարկուած է Կոմիտասի կողմէ իր «Երգեցողութիւնք Ս.Պատարագի» գրախօսականին մէջ, այդուհանդերձ երգահանը բարձր գնահատած է Եկմալեանի ստեղծագործութիւնը` անուանելով այն «Ներդաշնակութեան անդրանիկ բուրաստան հայ երգեցողութեան ամայի անդաստանի մէջ»: Կոմիտասի Պատարագը կ’առանձնանայ իր ինքնատիպութեամբ, համարձակ նորարարական կողմերով եւ նոյնիսկ յագեցած աշխարհիկ ոգիով: Ահա թէ ինչու հայ եկեղեցին այն չէր ընդուներ` համարելով իր ոգիին անհամապատասխան: Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն զատ, երգչախումբի երկացանկին մէջ ընդգրկուած է վեց հարիւրէ աւելի ստեղծագործութիւն ինչպէս հայ դասական, այնպէս ալ ժամանակակից երգահաններու: Ուր ալ հանդէս գայ երգչախումբը, կը ներկայացնէ հարուստ յայտագիր` այսպէս երգը դարձնելով հայապահպանման կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը:
… Երեկոյեան պիտի կայանար համերգը: Ես նստած էի դահլիճը եւ մեծագոյն ուշադրութեամբ կը հետեւէի Խաչիկ Եըլմազեանի վարած փորձին: Անոր ձեռքերը մերթ կը բարձրանային ու մերթ ալ կ’իջնէին, ան մերթ ներշնչուած ու ոգեւորուած կը ղեկավարէր ստեղծագործութիւնը, մերթ ալ ձեռքերը կողքի տարածելով` կը խնդրէր դադրեցնել երգը: Ու կը սկսէր կիսաձայն բացատրութիւններ տալ, մեկնաբանել հատուածը, ապա նորից առաջարկել երգչախումբին կատարել հատուածը` հաշուի առնելով իր դիտողութիւնները:
Յովհաննէս Չէքիջեանը համաշխարհային խմբավարական արուեստին մէջ իր դպրոցը ստեղծեց, որն իսկապէս բացառիկ է: Այդ դպրոցի աւանդոյթներն այսօր ուսանելի են ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտարազգի երաժիշտներու համար: Ամէն մէկը պիտի փորձէ այդ դպրոցի դասերը անգիր սերտել, որովհետեւ Չէքիջեանը բոլորին կը պարտադրէ երգչախմբային արուեստին մէջ իր մօտեցումներն ու իր հաստատումները: Մենք ալ կը փորձենք ընթանալ այդ դպրոցի աւանդոյթներու միջով: Ուստի այսօր մեզի համար մեծ քննութիւն է` երգել Յովհաննէս Չէքիջեանի համար,- մեր զրոյցը ամփոփեց Խաչիկ Եըլմազեանը:
Լեւոն Մութաֆեան