Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Վիքթորիա Նուլընտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները պիտի կատարէ` գործադրուելիք բարեկարգումներուն զուգահեռ:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` թափանցիկութեամբ եւ ժողովրդավարութեամբ:
Նուլընտ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նուլընտ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկումի ընթացքին շեշտեց, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը զօրակցի Միքաթիի կառավարութեան:
Քննարկուեցան այս դժուար փուլին ընթացքին Լիբանանին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնները:
Նուլընտ ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին:
Աւելի ուշ Նուլընտ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները լաւագոյնին արժանի են` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմը լիբանանեան բանակին յաւելեալ 67 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` ամբողջական օժանդակութիւնը հասցնելով 178 միլիոն տոլարի:
Ան ընդգծեց Լիբանանի մէջ անկախ գործող դատական իշխանութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանին տրամադրուած իրանեան օժանդակութիւնները տեղեկատուական փուչիկներ են: