Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ 20-26 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ «Նռան Հատիկ» հանրապետական մանկապատանեկան թատերական 13-րդ փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին որոշ տարիքային խումբի պատկանողներ՝ նպատակ ունենալով երեխաները մանկուց ծանօթացնել դասական գրականութեան եւ բեմէն հնչեցնել մաքրամաքուր հայերէն: Այս մասին 16 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է փառատօնի կազմակերպիչ Գարիկ Ղազարեանը: «Մեր հիմնական նպատակն է բեմից լսել մաքուր հայոց լեզու եւ երեխաներին ծանօթացնել դասական գրականութեանը», նշած է Գարիկ Ղազարեանը: Այս տարի թատերական ներկայացումներու հիմնական դահլիճը Անանիա Շիրակացիի անուան ճեմարանի դահլիճն է, մէկ օր տրամադրած է «Մետրօ» թատրոնը եւ մէկ օր՝ Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցը:
Հիմնական խաղացանկը մանկական է, սակայն կան նաեւ աւագ դպրոցի համար նախատեսուած ներկայացումներ: Կազմակերպական կոմիտէի նախագահ Արուսեակ Մանթաշեանը ողջունելի նկատած է փառատօնը 7 նոր թատերական խումբերով համալրումը, մանաւանդ, «երբ դրանք սահմանամերձ գիւղերի բացառիկ ոգեւորութեամբ լցուած երեխաներն են»:
Այս տարի փառատօնին պիտի մասնակցին 30 թատերախումբեր Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն: Փառատօնը կը կրէ «Երջանիկ Մանկութիւն» խորագիրը, իսկ բոլոր մասնակիցները պիտի ստանան «Թռիչք» արձանիկ-մրցանակը:
Նշենք, որ փառատօնը տեղի կ՛ունենայ 2000 թուականէն, բազմիցս արժանացած է պարգեւներու եւ միջազգային փառատօներու ընթացքին արձանագրած է մեծ յաջողութիւններ: