Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ-Խազէնին:
Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները: