ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, սփիւռքի նախարարութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ:
Նիստին ընթացքին ամփոփուեցան Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովի լուսաբանման արդիւնքները, քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 9րդ համաժողովի կազմակերպման առնչուող հարցեր, համաժողովի գումարման վայրը, օրերն ու ձեւաչափը:
Նախնական քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ համաժողովը գումարել Մայիսի վերջաւորութեան եւ Յունիսի սկիզբը: Մասնակիցները փափաք յայտնեցին նաեւ այցելելու սահմանապահ գիւղեր, շրջելու եւ ծանօթանալու այնտեղ տիրող իրավիճակին:
Համաժողովին ընթացքին կը նախատեսուին նեղ մասնագիտական աշխատաժողովներ, փորձառութեանց փոխանակում, հանդիպումներ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնատարներու հետ:
Նիստի աւարտին, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ջանիկեան Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի 30ամեայ լրագրողական բեղուն գործունէութեան առթիւ անոր յանձնեց Լրագրողներու միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեանը» ոսկէ շքանշանը: