Մեր հայրենիքը պատմաաշխարհագրական դիրքին պատճառով, կռուախնձոր մը դարձած է արեւմտեան եւ արեւելեան թագաւորութիւններու, կայսրութիւններու միջեւ:
Հայը բազում զոհողութիւններով դիմագրաւած է այդ բոլորը, յաճախ՝ ճառահատ, ակամայ գաղթած է հայրենիքէն…: Պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին, հայը նոր «հայրենիք»ներ ստեղծած է Ծայրագոյն Ասիոյ, Եւրոպայի, Ափրիկէի, հեռաւոր Ամերիկաներու մէջ եւ այլուր:
Հայը մարտնչած է տուեալ ոստաններու տեղայնական պայմաններուն դէմ: Դժբախտաբար աստիճանաբար տեղի տուած է անոնց բարքերուն առջեւ:
Այսօր, ցաւով կը յիշատակենք Հնդկաստանի, Սինկափուրի,Եթովպիոյ, Լեհաստանի մեծաթիւ հայ համայնքները: Անոնք մեծ ներդրում ունեցած են իրենց գտնուած երկիրներու մշակութային, քաղաքական, տնտեսական բնագաւառներուն մէջ: Երէկի բեղուն համայնքները նօսրացած են այսօր…:
Այսպիսի հարուստ աւանդութիւններ ունեցած է Լեհաստանի հայ համայնքը, որուն արմատները կը հասնին մինչեւ Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումի ժամանակաշրջանը: Լեհահայ համայնքը այսօր ալ կը շնչէ եւ կը գործէ, բայց ոչ՝ երէկի հնչեղութեամբ: Այսուհանդերձ, այսօրուան դրութեամբ երախտաշատ աշխատանք կը կատարուի լեհահայ համայնքին մէջ: Լեհ ժողովուրդը մեծապէս կը գնահատէ լեհահայ համայնքը, զայն ընդունելով իբրեւ երկրին բաղկացուցիչ 14 համայնքային փոքրամասնութիւններուն մէջ ամենագործունեայ համայնքներէն մին:
Լեհահահայ համայնքը իր երէկի եւ այսօրուան իրականութեամբ ներկայացնելու մտադրութեամբ, Չորեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2016-ին, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Մշակութային Միութիւնը, Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ Լեհաստանի Հայկական Հիմնադրամի հետ գործակցաբար, «Հայերը Լեհաստանի Ծառայութեան մէջ» արխիւային նկարներու ցուցահանդէս եւ դասախօսութիւն մը կազմակերպած էր, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ:
Միջոցառումը լայն հետաքրքրութիւն ստեղծած էր լիբանանահայութեան մէջ: Երեկոն իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, Լեհաստանի դեսպան Պոզէք Վոյչէքը, Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութը, պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ անդամներ, Հայաստանի, Լեհաստանի, Գերմանիոյ դեսպանատան պաշտօնակատարներ, մտաւորականներ, մամլոյ եւ կրթական մարզի ներկայացուցիչներ, միութենականներ եւ հարիւր յիսունէ աւելի հետաքրքրասէր բազմութիւն մը:
Երեկոյին բացման խօսքը կատարեց տօքթ. Արտեմ Նաճարեան: Ան, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ներկայացուց Լեհաստանի Հայկական Հիմնադրամի նախագահ, օրուան բանախօս Մաչէք Պօղոսեւիչը (Մաթէոս Պօղոսեան): Վերջինս, հայ համայնքին մէջ կատարած բազմակողմանի ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է զանազան պետական մրցանակներով:
Նանոր Մաճարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Ֆրետերիք Շոփէնէն կտոր մը:
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Պոզէք Վոյչէք: Ան բարձր գնահատեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան սոյն նախաձեռնութիւնը, աւելցնելով, որ Լեհաստանի պատմութեան ընթացքին, հայ համայնքը մեծ ծառայութիւններ մատուցած է երկրին մշակութային,քաղաքական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ: Ան թուեց երեւելի հայ անձնաւորութիւններու անուններ: Դիպուկ օրինակ մը տալով, դեսպանը նշեց, թէ աշխարհահռչակ յօրինող Ֆրետերիք Շոփէնի ստեղծագործութիւններուն խմբագիրը եղած է Քարոլ Միքուլի անունով ծագումով հայ մը: Դեսպանը յայտնեց, թէ դժուար է առանց հայերու վայր մը գտնել աշխարհի մէջ եւ շեշտեց,թէ յառաջիկայ տարի Լեհաստանի մէջ հանդիսաւորապէս պիտի նշուի հայ համայնքի հիմնադրութեան 650 ամեակը: Իր խօսքի աւարտին, դեսպանը յայտնեց, թէ ներկայիս աւելի քան քառասուն հազար հայեր կ’ապրին Լեհաստանի մէջ:
Օրուան գլխաւոր բանախօս Մաչէք Պօղոսեւիչը (Մաթէոս Պօղոսեան) իր դասախօսութիւնը սկսելէ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանան կեցութեան միջոցին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ցուցաբերած հոգատարութեան: Մաչէք Պօղոսեւիչ «սլայտ»ներու ընկերակցութեամբ կատարեց լեհահայ համայնքի պատմականը: Հայեր, Սեւ ծովու ճանապարհով հասած են մինչեւ հեռաւոր Լեհաստան: Տարբեր քաղաքներու մէջ, կառուցած են եկեղեցիներ: Ծանօթացած եւ շաղուած են տեղւոյն աւանդութիւններուն: Հետզհետէ գրաւած են նախանձելի դիրքեր, սիրուած եւ յարգուած են բոլորէն: Լեհաստանի հայ համայնքը աւելի բեղուն գործունէութիւն կը սկսի ծաւալել անցեալ դարու ութսունական թուականներէն: Ինք՝ Մաչէք Պօղոսեւիչ երկար տարիներէ կը վարէ համայնքի ներկայացուցիչի պարտականութիւնը, միաժամանակ ըլլալով Լեհաստանի փոքրամասնութիւններու համախմբումը ներկայացնող մարմինի ատենապետը: Անոր հովանաւորութեան տակ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ կը զբաղին ներկայիս Ուքրանիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող (նախապէս Լեհաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող հայահոծ համայնքներ) պատմական յուշարձաններու պահպանութեան, հայկական գերեզմաններու, մշակութային կեդրոններու վերականգնման աշխատանքներով:
Մաչէք Պօղոսիչ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Իր դասախօսութեան աւարտին, ան, հայազգի հանրածանօթ Թէոտոր Աւենթովիչի վրձինէն նկար մը նուիրեց ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանին, որ իր կարգին Անդրանիկ Մշակութային Միութեան անունով գնահատանքի յուշանուէր մը փոխանցեց Մաչէք Պօղոսեւիչին:
Ապա, ցուցահանդէսի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութին, որուն ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան աւելի մօտէն ծանօթանալու լեհահայ դէմքերու, համայնքի պատմութեան եւ անոր ներկային:
Յիշատակելի երեկոյ մը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ