Կոկիկեան Հիմնարկը 4-րդ ՝ աւելի քան 800 մասնակիցներու մէջ
Երեքշաբթի 13 մարտ 2018-ին, Կոկիկեան Հիմնարկը նշեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան մուտքի քննութիւններուն Շանթ Վարդանեանի յաջողութիւնը, որով ան դարձաւ 1945-էն ի վեր դիւանագիտական ասպարէզ մուտք գործող երրորդ լիբանանահայը։
Այս յաջողութեան տօնականօրէն նշումը տեղի ունեցաւ գլխաւորութեամբ Կոկիկեան Հիմնարկի նախագահ՝ Միշէլ Կոկիկեանի, որ շնորհաւորեց Շանթը աւելի քան 800 մասնակիցներու մէջ 4-րդ հանդիսանալուն համար, եւ լուսարձակի տակ առաւ Կոկիկեան Հիմնարկին դերը որ կը քաջալերէ բոլորին ընդգրկումը ու ներկայութիւնը Լիբանանի պետական ասպարէզին մէջ, ինչ որ կը հանդիսանայ ուղիղ կառավարման ու ժողովրդավարութեան հիմնաքարը։ Պրն. Կոկիկեան գնահատեց նաեւ հիմնարկի գործադիր տնօրէնուհի՝ Տիկին Սուհէյլա Հայէքի տարած աշխատանքն ու արձանագրած յաջողութիւնները ի նպաստ Լիբանանին եւ լիբանանեան ընկերութեան։
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կոկիկեան Հիմնարկը կատարած է զանազան հանրային ծառայութիւններ, համալսարանական կրթանպաստներու եւ վերաորակաւորման դասընթացքներու միջոցաւ։ Այսօր, Հիմնարկէն շրջանաւարտները, որոնք կ՛աշխատին տարբեր նախարարութիւններու եւ Լիբանանի մէջ գործող միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ, իրենց երկրին ու ընկերութեան տրամադրած են աւելի քան 10 հազար ժամ կամաւոր աշխատանք, որ կ’ընդգրկէ աւելի քան 3 հազար ժամ դաստիարակութիւն՝ կրթութեան առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող երեխաներու, եւ աւելի քան 4 հազար ժամ կամաւոր աշխատանք Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ աղբերու վերամշակման ծրագրի մը ի նպաստ։ Այս բոլորին կողքին՝ հիմնարկը իր տարեկան «ԱԼ ՊԱՅԱՆ» ձեռնարկ/մրցոյթով կը քաջալերէ լիբանանահայ աշակերտները տիրապետելու արաբերէն լեզուին։
Կոկիկեան Հիմնարկի գործադիր մարմնին կը նախագահէ օտարերկրաբնակ գործարար եւ բարերար Միշէլ Կոկիկեանը, եւ անոր մաս կը կազմեն երեսփոխան եւ նախարար Ժան Օղասապեան, Բարձրագոյն Կրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Ֆատի Եարաք, Սեփականաշնորհման եւ Գործընկերութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Զիատ Հայէք, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, Փաստաբանուհի Ռանտա Ապու Սուլէյման, Տիկին Սեդա Խտըշեան, Տիկին Միրէյ Խանամիրեան, Դոկտ. Սիւզի Սեմերճեան եւ Հիմնարկի գործադիր տնօրէնուհի Տիկին Սուհէյլա Հայէք։