Պրահայի մէջ մեկնարկած է Ֆեպիոֆէսթ միջազգային 25-րդ յոբելեանական շարժանկարի փառատօնը, որու գլխաւոր հիւրը աշխարհահռչակ երգիչ, երգահան եւ դերասան Շառլ Ազնաւուրն է: Այս մասին կը տեղեկացնէ orer.eu կայքը:
Փառատօնի ընթացքին Ազնաւուր պարգեւատրուած է չեխական Ֆեպիոֆէսթի «Քրիսթիան» մրցանակով` համաշխարհային շարժանկարի մէջ իր ունեցած վաստակին համար:
Շարժանկարի փառատօնին 25 տարիներու ընթացքին ան 44-րդ հանրայայտ կինոգործիչն է, որ կ՛արժանանայ նման պատուաւոր մրցանակի` Համաշխարհային շարժանկարի մէջ իր ունեցած վաստակին համար: Մրցանակը յանձնելէ առաջ ցուցադրուած է անոր խաղացած ֆիլմերէն տեսաշարք մը, իսկ «Քրիսթիան» արձանիկը յանձնելու պահուն ողջ դահլիճը յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունած է զայն: Երգահանը շնորհակալական խօսքը սկսած է` ուղղելով խօսափողը եւ կատակելով, որ ամէնուր ստիպուած է զայն յարմարացնել իր հասակին:
Յիշեցնենք` Ազնաւուր առաջին անգամ նկարահանուած է 1936 թուականին` «Տղաներու կռիւը» ֆիլմին, իսկ վերջինը` 2006-ին «Իմ գնդապետը» ֆիլմին մէջ:
Հետաքրքրական է, որ շարժանկարի փառատօնին ցուցադրուող ֆիլմերէն առաջինին մէջ` Թոնի Կատիֆֆի ֆրանս-յունական «Ճեմ» ֆիլմին մէջ կը խաղար ֆրանսահայ մէկ այլ յայտնի դերասան` Սիմոն Աբգարեանը, որ մարմնաւորած է հերոսուհիին խորթ հօր կերպարը: Հայկականի հետ կապը շարունակուած է նաեւ յաջորդ` «Ժամանց որոնողը» իտալա-ֆրանսական ֆիլմին մէջ, որ նկարահանուած է Միքայէլ Ծատուրեանի համանուն վիպակի հիման վրայ: Իսկ շաբաթ-կիրակի օրերուն «Վարպետներ» բաժնի յետահայեաց ցուցադրութիւնը ցուցանիշ պիտի սահմանէ շարժանկարի փառատօնի պատմութեան մէջ: Առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի ֆրանսական 12 ժամնոց «Դուրս 1»/Out 1/ ֆիլմը: Այստեղ ալ կը խաղայ ֆրանսահայ դերասանուհի Հեղինէ Գարակէօզեանը, որ պիտի ներկայացնէ նաեւ ֆիլմը:
Այնուհետեւ, բացի Պրահայէն, շարժանկարի փառատօնը մէկ ամիս պիտի շարունակուի երկրի 17 խոշոր քաղաքներու մէջ: 15 տարբեր բաժիններու մէջ պիտի ցուցադրուին 170 ֆիլմեր` 50 տեղական եւ օտար հիւրերու մասնակցութեամբ:
Բացի կինոփառատօնին մասնակցելէ, Շառլ Ազնաւուր Մարտ 16-ին համերգային ծրագիրով հանդէս կու գայ Պրահայի համագումարներու կեդրոնին մէջ: Ըստ 1998 թուականին CNN ամերիկեան հեռատեսիլային կայանին, Ազնաւուր համարուած է հարիւրամեակի լաւագոյն արուեստագէտը, ինչպէս Էլվիս Փրեսլին եւ Ֆրանք Սինաթրան: