ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Էրճան Էօքսիւզ «Սես Թիւրքիյէ» կայքին վրայ հրապարակած է յօդուած մը, որուն մէջ կը գրէ թէ Վանի մշակութային պատմութեան մեծամասնութիւնը թաղուած է նահանգի եկեղեցիներու եւ գիւղերու փլատակներուն տակ։ Վանի Շատախ գաւառին մէջ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւն մը, այժմ, բազմամշակութային ապագայ մը կերտելու նպատակով՝ այդ պատմութիւնը փլատակներուն տակէն դուրս կը բերէ։
Չաթաք (Շատախ) կենսոլորտի եւ պատմութեան պահպանութեան ընկերակցութիւնը կը յուսայ, որ պատմական վայրերն ու անոնց հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն անունները ճշդելը նպաստէ հասարակութեան անցեալի հետ առերեսման։
Ծրագիրի ատենապետ Ալի Սուլամազ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Վանէն «ակամայ այլասերած հայ ընտանիքի մը թոռնիկ»ը։ Ան տասնամեակներ շարունակ արտասահման ապրելէ ետք, 2010ին վերադարձած է Թուրքիա։ Անոր կազմակերպութիւնը հայկական շարք մը եկեղեցիներու անուններն ու վայրերը ճշդած է։
Սուլամազ յայտնած է, որ իր մեծ մայրը հայ մըն էր, սակայն՝ անոնցմէ, որոնք «1915ի դէպքեր»ուն ընթացքին չէ սպաննուած եւ հետագային իսլամացած է։ Ան նաեւ նշած է որ ինք միշտ հայկական արուեստով հմայուած է եւ վեց ամիս շրջած է Շատախի մէջ ու տեսած յիշարժան բոլոր վայրերը։ Հետագային, կարգ մը հայ բարեկամներէ փաստաթուղթեր հաւաքած ու ճշդած է այդ վայրերուն անունները։
Սուլամազ կը յուսայ, որ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի նպաստէ պատմական վայրերը վերականգնելուն, ինչպէս նաեւ Շատախին պիտի ապահովէ զբօսաշրջութեան հոսք։ Ան մտադիր է ապագային զբօսաշրջիկներու ուղեցոյց մը հրատարակել Շատախի մասին։
Սուլամազ ըսած է, որ իր ընկերակցութեան նպատակն է մարդոց ծանօթացնել իրենց ապրած վայրը եւ ներկայացնել այդ շրջանները։ Դարեր շարունակ քիւրտեր, հայեր եւ թուրքեր միասնաբար ապրած են հոն ու հիմա, երեք լեզուներով դարձեա՛լ պիտի կարենան այցելել պատմական այս վայրերը։ Ան յոյս ունի, որ այդ մէկը գործազուրկ երիտասարդութեան համար գործի առիթներ պիտի ստեղծէ ու նահանգի բոլոր գաւառներուն տնտեսութեան պիտի նպաստէ։
Տեղւոյն բնակչութիւնը եւս կ՛աջակցի ծրագիրին։ Որմնադիր 34ամեայ Քերեմ Էլպիր բնակչութեան կոչ ուղղած է տէր կանգնելու հայկական ժառանգութեան՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը մեծ ներդրում ունեցած է Շատախի մէջ, ուստի՝ բոլորը միասնաբար տէր պէտք է կանգնին «հայ ժողովուրդին կողմէ ձգուած արժէքաւոր ժառանգութեան»։
«Այսպիսի ծրագիրներ մեզի կը յիշեցնեն մեր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ բոլորս միասնաբար կ՛ապրէինք հոս, եւ ես մինչեւ վերջ պիտի աջակցիմ ատոր», ըսած է Էլպիր։
Նշենք, որ Շատախի քաղաքապետն է քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Ճելալետտին Պարթուն։