Մարտ 15-ի երեկոյեան Թել Աւիւի Nokia Arena-ի մէջ տեղի ունեցած է նշանաւոր ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի համերգը: Մայիսին ան կը դառնայ 90 տարեկան:
Նոյն դահլիճին մէջ Ազնաւուրը համերգով հանդէս եկած է նաեւ նախորդ տարուան նոյեմբեր 23-ին: Այդ ժամանակ Շարլը խոստացած էր հանդիսականներուն մօտ ապագային վերադառնալ նոր համերգով:
Մարտ 14-ի երեկոյեան Ազնաւուրը մասնակցած է Իսրայէլի մօտ Ֆրանսայի դեսպանի տան մէջ կազմակերպուած ընթրիքին, ուր հրաւիրուած եղած են նաեւ որոշ իսրայէլցի երաժիշտներ: Իսկ մարտ 15-ին ան կրկին ելոյթ ունեցած է Իսրայէլի մէջ:
Նախորդ համերգէն առաջ Շարլը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած էր. «Մենք` հայերս ու հրեաներս, այնքան ողբերգութիւններ տեսած ենք, որ եթէ չսիրէինք ապրիլ, շատոնց ոչնչացած կ’ըլլայինք… Ես գիտեմ, կը ծնինք, որպէսզի մեռնինք, բայց մինչեւ այդ պէտք է ամբողջ ուժով ապրիլ: Զիս կ’առաջնորդէ կեանքի հանդէպ ծարաւը»:
Ազնաւուրը ներկաներուն յիշեցուցած է, որ իր ընտանիքին մէջ կան եւ կաթոլիկներ, եւ բողոքականներ, եւ հրեաներ ու մահմետականներ: Այդ իսկ պատճառով ան անկեղծօրէն վստահ է` մարդիկ կրնան խաղաղ ապրիլ` անկախ կրօնական ու քաղաքական հայեացքներէ, ինչպէս կը գրէ NEWSru.co.il-ը:
Ազնաւուր պատմած է, որ աշխարհի վրայ ամէնէն շատ կը սիրէ շրջագայել ու աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ համերգներ ունենալ, քանի որ ոչինչ մարդուն այնպէս չի հարստացներ, որքան նոր տպաւորութիւններն ու այլ մշակոյթները:
Շարլ Ազնաւուրը (իսկական անունը` Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան), նշանաւոր ֆրանսահայ շանսոնյէ, երգիչ, երգահան, կինոդերասան եւ հասարակական գործիչ է: Ազնաւուր ծնած է 1924 թ. մայիս 22-ին, Փարիզ, հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ: Ազնաւուրի հայրը ծնած էր Ախալցխայի մէջ,[2] արմատներով Էրզրումէն էր, իսկ մայրը` Իզմիրէն: Մանուկ հասակին տարուած է թատրոնով, իսկ 1940-ական թթ. Փիեռ Ռոշի հետ հանդէս եկած է քապարէի մէջ: Առաջին երգը` «Ես հարբած եմ» (1944), Ժորժ Ուլմյէրի կատարմամբ, արժանացած է «Տարուան ձայնապնակ» մրցանակին, սակայն Ազնաւուր-կատարողին հանդիսատեսը երկար ժամանակ չէ ընդունած: Համաշխարհային հռչակ ստացած է 1956-ին, Փարիզի «Օլիմպիա» դահլիճին մէջ յաջող ելոյթէն ետք: «ֆրանսան ազնաւուրացուած է»,- գրած է ֆրանսական մամուլը:
Շուրջ հազար երգի հեղինակ է /մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակցութեամբ/, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ միջազգային հիթերու` «Մաման», «Պոհեմը», «Դեռ երեկ», «երիտասարդութիւն», «Պէտք է գիտնալ», «Ան», «Երկու կիթառ», «Ինչպէս կ’ըսեն», «Յաւերժական սէր», «Աւէ Մարիա» եւ այլն: Ցայսօր վաճառուած է Ազնաւուրի շուրջ հարիւր միլիոն ձայնապնակ: Ամերիկեան «Թայմ» հանդէսի հարցման համաձայն Ազնաւուրը ճանչցուած է «Դարու արուեստագէտ»: Արժանացած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրագոյն պետական պարգեւներու, «Պատուոյ սեզարի» (1997):
2009-ի մայիսէն Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ Ժընեւի ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ: 1988-ի սպիտակեան աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հիմնադրած է «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը: Հայաստանի մշտական դեսպանն է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի մէջ:
1964, 1996 եւ 2006 թթ. համերգներ տուած է Հայաստան: Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած է Ազնաւուրի արձանը, անոր անունով կը կոչուի Երեւանի հրապարակներէն մէկը: