ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշել 30 Նոյեմբերին դարձեալ կոչ ուղղեց Երեւանին եւ Պաքուին՝ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով: Այս մասին Միշել յայտարարեց «Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան համաժողով»ին մասնակցողներուն համար տեսերիզով ուղերձին մէջ:
«Ձգձգուած հակամարտութիւնները լուրջ մարտահրաւէր կը հանդիսանան «Արեւելեան գործընկերութեան» տարածաշրջանին համար: Պէտք է նոր ջանքեր գործադրել, որպէսզի հակամարտութիւնները լուծուին միջազգային իրաւունքի եզրերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է դերակատարութիւն ստանձնելու հակամարտութիւններու լուծման եւ զանոնք կանխելու ուղղութեամբ», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը վկայեն, թէ որքան փխրուն է իրավիճակը: Որեւէ կասկած չունիմ, որ միայն քաղաքական երկխօսութիւնն է, որ կրնայ յանգեցնել յարատեւ լուծման: Երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւնները եւս կրնան նպաստել ասոր՝ կամրջելով հանրութիւնները եւ աջակցելով հաշտեցման վերաբերող ջանքերուն»:
Ասոր զուգահեռ, Երեւանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ Փաշինեանին փոխանցեց Շարլ Միշելի ողջոյնները եւ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն կապերու ամրապնդմանն ուղղուած ջանքերը: Անոնք միտքեր փոխանակեցին շրջանային զանազան հարցերու վերաբերեալ, յատկապէս քննարկեցին 15 Դեկտեմբեր 2021ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովը: Քննարկուեցան նաեւ գագաթնաժողովի օրակարգին վերաբերող հարցեր: