ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես երէկ` երկուշաբթի, 20 դեկտեմբերին շարունակեց իր տեսակցութիւնները Լիբանանի ղեկավար պատասխանատուներուն հետ: Նախ եւ առաջ ան այցելեց վարչապետարան, ուր խորհրդակցութիւն ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Խօսակցութեանց առանցքը կազմեց Լիբանանի այժմու իրավիճակը, յատկապէս քաղաքական, տնտեսական ու դատական առումով:
Այս առիթով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Լիբանանի վիճակը նկարագրեց իբրեւ «խիստ խրթին ու աղէտալի»` շեշտելով Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան կարիքը:
Կութիերես լիբանանցիներուն թելադրեց օգտուիլ միջազգային օժանդակութեան պատրաստակամութենէն եւ փութալ իրագործելու նախատեսուող ընտրութիւններն ու խոստացուած բարեկարգումները: Ան հաւաստեց, որ Լիբանանի ղեկավարներէն երաշխիքներ ստացած է յառաջիկայ մայիսի սկզբնաւորութեան ընտրութիւններու կայացման եւ բարեկարգումներու գործադրութեան գծով:
Հանդիպում` Մասնագէտներու Հետ
Այս առիթով հանդիպում մը կայացաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ընկերակցող պատուիրակութեան եւ լիբանանցի նախարարներու եւ առնչակից մարզերու պատասխանատու մասնագէտներու միջեւ: Միջազգային ժողովի մը մանրանկարը յիշեցուցած այս հանդիպումին ուշագրաւ էր երկար ատենէ աշխատանքը առկախուած` լիբանանեան կառավարութեան անդամ նախարարներու մեծամասնութեան մասնակցութիւնը խորհրդակցութեանց, ուր հիմնականին մէջ քննարկուեցան Լիբանանի հրատապ կարիքներուն առնչակից մարզերու պահանջներն ու միջազգային պատկան կողմերու օժանդակութեան կարելիութիւններն ու յարակից մանրամասնութիւնները:
Ապա վարչապետ Միքաթի եւ Կութիերես պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն` ընդգծելով Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան կարեւորութիւնը: Կութիերես վերահաստատեց միջազգային ընտանիքին Լիբանանին օժանդակելու պատրաստակամութիւնը` նշելով, որ իր կարգին լիբանանցիներէն կը սպասէ համապատասխան մօտեցում` Լիբանանին ծառայելու գծով:
Նմանապէս, վարչապետ Միքաթի շեշտեց Լիբանանի տնտեսական եւ առողջապահական տագնապներուն հետեւանքները` անհրաժեշտ նկատելով անմիջական օժանդակութեան կարիքը: Միքաթի յայտնեց, որ այս տագնապները առաջնահերթ դարձուցին կարիքաւորներու օժանդակութիւնն ու աղքատութեան դէմ պայքարելու միջոցները: Վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան գծով: Ան յիշեցուց նաեւ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու կացութեան կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Այս առիթով Լիբանանի օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող խօսքերով անջատաբար ելոյթ ունեցան նաեւ ՄԱԿ-ի պատկան պատասխանատուներ եւս, ինչպէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա եւ Նաժաթ Ռուշտի:
Այցելութիւն` Այն Թինէ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Նշենք, որ երէկ կէսօրէ ետք վարչապետ Միքաթի եւս հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ եւ խորհրդակցութեան աւարտին մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Լրագրողներու կողմէ «պայմանագրութեան» մը ակնարկող հարցումին անդրադառնալով «մեզ չի հետաքրքրեր» ըսաւ վարչապետը: Անոր այս պատասխանը դուռ բացաւ զանազան մեկնաբանութիւններու, որոնք կայծակի արագութեամբ «զարգանալով» «խիստ հաւանական» նկատեցին կառավարութեան հրաժարման յայտարարութիւնը վարչապետի Պաապտայի պալատ այցելութեան աւարտին: Սակայն աւելի ուշ վարչապետին գրասենեակն ու անոր յարակից լրատուական կայքը` «Ազմ», հերքեցին, որ վարչապետը Պաապտա այցելած եւ հրաժարական յայտարարելու տրամադրութիւն յայտնած է: Վարչապետի մամլոյ գրասենեակին հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ «վարչապետը ինչ կեցուածք որ ցուցաբերէ, անիկա կը բխի իր ազգային ու անձնական համոզումներէն»: Վարչապետը չհերքեց նշեալ «պայմանագրութեան» գոյութիւնը, այլ` իր վերապահութիւնը յայտնեց, թէ անիկա զինք չի հետաքրքրեր: Նշենք, որ լրատուական աղբիւրներ երէկ երեկոյեան անդրադարձան նշեալ «պայմանագրութեան»` զայն որակելով եռակողմանի համաձայնութիւն, որուն հիմամբ կը լուծուի դատաւոր Թարեք Պիթարի հարցը եւ ընտրութիւններու յետաձգման գծով համախոհութիւն կը գոյանայ առնչակից կողմերուն միջեւ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը կը վերսկսի իր նիստերուն:
Այս հարցը առաւել կարեւորութիւն ստացաւ եւ «հրատապ» բնոյթ կրեց նկատի ունենալով, որ այսօր կը նախատեսուի, որ Սահմանադրական խորհուրդը վճռէ Ազգային ազատ հոսանքին կողմէ խորհրդարանական ընտրութեանց գծով ներկայացուած վիճարկումին «ճակատագիրը», որուն լոյսին տակ կրնան ընտրութիւնները մինչեւ իսկ չեղեալ նկատուիլ: Նշեալ աղբիւրներուն համաձայն, իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ համախոհութիւն կամ «պայմանագրութիւն» մը գոյացուած է` կանխելու համար Սահմանադրական խորհուրդին տալիք վճիռը:
Այցելութիւն Պէյրութի Նաւահանգիստ Եւ Հարաւային Լիբանան
Նշենք, որ իր այցելութիւններու ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երէկ, յարգանքի իր տուրքը մատուցեց` ծաղկեպսակ զետեղելով Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի զոհերու յիշատակին:
Ան այս առիթով մաղթեց, որ պայթումին գծով հետաքննութիւնը շարունակուի եւ յանցագործները բացայայտուին:
Կութիերես երէկ նաեւ այցելեց եւ ստուգեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի զօրամասերը:
Նաեւ` Թրիփոլի
Կութիերեսի այցելութիւններուն մէկ այլ կանգառը եղաւ Թրիփոլին, ուր ան այցելեց շրջանի կառոյցներն ու յատկապէս վարժարան մը: Ան այս առիթով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց օժանդակելու շրջանի կարիքաւորներուն: