Յակոբ Չոլաքեան
Համաշխարհային Ա. պատերազմին կործանած Օսմանեան պետութեան աւերակներուն վրայ Մուսթաֆա Քեմալը Արեւմտեան Հայաստանէն սկսելով 3 տարուան մէջ վերականգնեց Թուրքիան, որ այդ միջոցին եւ անկէ ետք
– Գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջանները եւ մեզի պարտադրեց Պաթումի եւ Աղեքսանդրապոլի համաձայնութիւնները:
– Լենինեան Ռուսիոյ ձեռամբ վճռեց Արցախի եւ Նախիջեւանի հայաջինջ կարգավիճակները:
– Կիլիկիան խլեց ֆրանսացիներէն եւ դուրս շպրտեց հայերը:
– Գրաւեց Իզմիրը եւ ծովը թափեց յոյներն ու հայերը:
– Կրկին՝ ֆրանսացիներէն խլեց Աղեքսանդրէթի սանճաքը ու պարպեց հայութենէ:
-Ճզմեց տրորեց ազգային բոլոր փոքրամասնութիւնները, եթէ կարելի է անոնց շարքին քիւրտերը փոքրամասնութիւն նկատել:
– Այսքանէն ետք դարձաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ ու հետզհետէ դարձաւ անոր մեծագոյն ուժերէն մէկը, հիմա՝ ամենէն անուղղայ ու անզսպելի ուժը:
– Գրաւեց հիւսիսային Կիպրոսը:
– Մտաւ Սուրիա եւ Հիւսիսային Իրաք, հասաւ Լիպիա:
-Դարձաւ աշխարհաքաղաքական մեծ ուժ, որուն ազդեցութիւնը այսօր կ՛երեւի Արաբական աշխարհին մէջ, Ուքրանիոյ մէջ, Կովկասի մէջ:
– Վերջինը՝ Արցախի երրորդ պատերազմն էր ու Փութինեան Ռուսիոյ ձեռամբ մեզի պարտադրուած իրավիճակը:
……………………………….
Տասնամեակներէ ի վեր՝ Թուրքիոյ դէմ մեր պայքարը սահմանափակուած է միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով, որ Թուրքիոյ համար Սեւրի դաշնագիրին նման աղբարկղ նետուած թուղթ մըն է: Արցախեան երրորդ պատերազմն ալ ցոյց տուաւ, որ այդ ճանաչումները չկրցան ու չուզեցին Թուրքիոյ ոտքը քաշել, բան չշահեցանք, բացի հեգնախառն ցաւակցական խօսքեր լսելէ:
Մենք շարունակենք քայքայել մեր ուժերը եւ ամեն բան տանիլ դէպի Թուրականութեան վճռական յաղթանակը: