Երկուշաբթի, 13 Յունուարին, հանրահայտ երգչուհիներ Շաքիրան եւ Ռիհանան պիտի ներկայացնեն Can’t Remember To Forget You երգը:
Աստղերը զուգերգ մը ձայնագրած են, որ շուտով պիտի ներկայացուի հանդիսատեսներու ճաշակին: Երգը պիտի ընդգրկուի Շաքիրայի նոր երգապնակին մէջ: Կ’արժէ նշել,որ երգչուհիին վերջին երգապանկը լոյս տեսած է 2010-ին:
Շաքիրայի խօսքով, ան հիացած է Ռիհանայի հետ համատեղ աշխատանքէն: