Երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ ցաւ յայտնեց նախագահական աթոռի թափուր մնալու մասին շրջան ընող տեղեկութեանց համար: «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով` երեսփոխան Թերզեան երէկ առաւօտ անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրական ժամկէտներու յարգումը: Ան նաեւ խիստ կարեւոր նկատեց նոր կառավարութեան կազմութիւնը` զարմանք յայտնելով նախագահական դիրքին շուրջ ծագած բանավէճին գծով:
Ապահովական անկայունութեան հաւանականութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով` երեսփոխան Թերզեան անհաւանական նկատեց ներկայիս ապահովական վիճակի խախտում մը` նշելով, որ իւրաքանչիւր կողմ իր հաշիւները ունի եւ նկատի կ՛ունենայ հակադիր կողմին կեցուածքը»: