Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պատեն-Վիւրթեմպերկ երկրամասի մայրաքաղաք Շթութկարթի մէջ, տեղի հայ համայնքին աջակցութեամբ, ԳԴՀ-ի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ «Հայ մշակոյթի օրեր» ձեռնարկին ծիրէն ներս իրականացած է «Արցախ. հայ մշակոյթի եւ աւանդոյթներու պարտէզ» գիրքի շնորհանդէսը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Ձեռնարկը, իբրեւ հիմնական զեկուցող, հանդէս եկած է գերմանացի պատմաբան, դոկտոր Փեթըր Հալֆտերը: Ան ներկաները ծանօթացուցած է Արցախի պատմութեան ուշագրաւ դրուագներուն, Ծիծեռնավանք, Ամարաս, Գանձասար, Դադիվանք պատմաճարտարապետական կոթողներուն, ընդգծած Տիգրանակերտ քաղաքի պեղումներուն կարեւորութիւնը:
Շնորհանդէսի աւարտին դոկտոր Փեթըր Հալֆտեր անդրադարձած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին, իսկ ԳԴՀ-ի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող հարցերուն: