«Պատահածը ոչ թէ Ազգային ազատ հոսանքին, այլ` լիբանանեան Ազգային ուխտին եւ նախագահի լիազօրութեան դէմ էր, որ կը հակասէ սահմանադրութեան թիւ 57 յօդուածի տրամադրութիւններուն», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Հզօր Լիբանան համախմբումի հերթական նիստի աւարտին տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Շիի երկեակին` Ամալ շարժումի եւ Հըզպալլայի դէմ իր կեցուածքներուն մէջ նախընթաց մը արձանագրելով Պասիլ բացայայտօրէն քննադատեց անոնց կեցուածքը, որ «քաղաքական յստակ ու կանխածրագրուած ձեւով ձախողեցուց Սահմանադրական խորհուրդէն սպասուող որոշումը»: Սահմանադրական համապատասխան օրինագիծերով հիմնաւորելով իր առարկութիւնները` երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ բուռն կերպով քննադատեց երէկ` երեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին Սահմանադրական խորհուրդին մէջ պատահածը: Ան նաեւ արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ նկատեց կառավարութեան նիստերու առկախման գծով եւ այս պարագային նոյնպէս ակնարկեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի որդեգրած կեցուածքին, որ «կը թուի, թէ աճապարելու պէտք չունի այս գծով»:
Պասիլի այս կեցուածքը «անկիւնադարձային» նկատուեցաւ կարգ մը կողմերու դիտանկիւնէն: