Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` երեկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» խորագրեալ գիրքի շնորհահանդէսը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, հոգեւոր հայերու, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Սոնա Թիթիզեան-Կետիկեան, որ Համազգայինի գրատարածին անունով ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց յայտագիրին գլխաւոր կէտերը:
«Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճեպեճեանի եւ լեզուաբան դոկտ. Արտա Ճեպեճեանի սոյն նախաձեռնութիւնը, որ տպագրուած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ եւ որուն խմբագրական աշխատանքներուն սատարած է Նորա Բարսեղեան, դիւրամատչելի ձեւով կը ներկայացնէ Աստուածաշունչի Հին եւ Նոր Կտակարաններու դրուագները եւ ձրիօրէն պիտի տրամադրուի հայ մանուկներուն», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ սոյն գիրքը մեծապէս կը նպաստէ մանուկի բարոյագիտական եւ քրիստոնէական ընդհանուր դաստիարակութեան: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին: Շահան արք. Սարգիսեան բարձր գնահատեց դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեան ամոլի գործունէութիւնը` նշելով, որ անոնք երկար տարիներէ ի վեր լծուած են Քրիստոսի խօսքի տարածման:
«Անձնապէս կը վկայեմ, որ Սուրիոյ այս տագնապին մէջ իրապէս անշրջանցելի է Աստուծոյ խօսքը եւ Սուրիոյ ահաւոր այս կացութեան մէջ Աստուծոյ զօրութեամբ պիտի կարենանք յաղթահարել դժուարութիւնները», նշեց Շահան սրբազան: Շահան արք. Սարգիսեան ինը կէտերու մէջ անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքին ու այս գծով հայութեան ու առհասարակ մարդկութեան մօտեցումին: «Լուրջ ճիգ մըն է դոկտ. Հրայր եւ Արտա Ճեպեճեաններու «Հայ Մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքի պատրաստութիւնը` մանուկներու հոգեւոր ու բարոյական դաստիարակութեան ամրապնդման գծով, ընդգծեց Շահան արք. Սարգիսեան:
Ապա խօսք առաւ դոկտ. Արտա Ճեպեճեան, որ ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը, նպատակը եւ զայն պատմելու ձեւը` յիշեցնելով, որ հոն կան Աստուածաշունչէն քաղուած գրութիւններու, դէպքերու եւ դէմքերու վրայ հիմնուած պատմութիւններ: Գիրքը կ՛ընդգրկէ նկարներ, խաղեր, քարտէս եւ այլ հետաքրքրական բաժիններ:
Ապա Ճեպեճեան ամոլի կողքին Շահէ եպս. Փանոսեան, Շահան արք. Սարգիսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան եւ հայր Յովսէփ Թոփալեան բեմ բարձրանալով կատարեցին «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» գիրքին գինեձօնը: Իր կարգին, դոկտ. Հրայր Ճեպեճեան անդրադարձաւ այս գիրքի նախաձեռնութեան:
Եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի ու անոր գինեձօնի ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն, յատկապէս` Շահէ եպս. Փանոսեանին, Համազգայինի գրատարածի տնօրէնութեան` Յակոբ Հաւաթեանին, Նորա Բարսեղեանին եւ Քուէյթի ու Քաթարի հայազգի բարերարներուն` Վահէ Քասունիին, Կիրակոս Գույումճեանին եւ Վիգէն Տեկիրմենճեանին, որոնք Աստուածաշունչի միջազգային կազմակերպութեան կողքին, սիրայօժար մասնակցած էին հատորի հրատարակման ծախսերու մեկենասութեան:
Հրայր Ճեպեճեան յայտնեց, որ սոյն գիրքը պիտի տրամադրուի Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Յունաստանի եւ Պոլսոյ հայ մանուկներուն: