Հայաստանի Գրողներու Միութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Արշալոյս Աղայեանի և Բագրատ Տերտերեանի հեղինակած «Հայ տպագրութիւնն Իրանում 1638-2011թթ» գիրքի շնորհանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր Աւիկ Իսահակեանը, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դերասան Երուանդ Մանարեանը, Իրանի ազգային, հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ:
Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ սա ողջունելի քայլ է՝ կապուած գրատպութեան 500-ամեակի հետ: ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադառնալով գիրքին՝ իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսաւ. «Սա մեր ազգի միասնութեան գրաւականն է, հայ իրականութեան փայլուն դրսեւորումը: Փա՛ռք ու պատիւ իրանահայ համայնքին, որ ոչ միայն լաւ քաղաքացիներ են, այլ փայլուն հայեր»:
Արուեստի վաստակաւոր գործիչ, դերասան Երուանդ Մանարեանը, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Արաքից (Իրան) որպէս առաջինը սրբազան հողին վրայ ոտք դրած հայորդի՝ իր խօսքին մէջ նշեց. «Խումբով 11 հոգի էինք, պայմանաւորուած էինք, որ առաջինը ես պէտք է շոգեկառքէն իջնէի Երևան: Տարիներու ընթացքին հասկցանք, որ իրանահայութիւնն ու Հայաստանի հայութիւնը մէկ են»:
Շնորհանդէսին ներկայ էր նաև Թեհրանէն ժամանած Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգսեանը, որ կարելի է ըսել՝ կը հանդիսանար գիրքի հրատարակման գլխաւոր «մեղաւորը»: « Օր մը Արշալոյսին ինծի մօտեցան թղթածրարով, առաջարկեցի, որ 1638-2008 թուականներու փոխարէն ընդգրկեն մինչև 2011 թուականը եւ տպագրեն հայ գրատպութեան 500-ամեակի առթիւ: Չեմ կրնար բառերով ներկայացնել հայ գիրքի արժէքը, ան ինքնուրոյնութեան հայելին է: Նուիրական պարտականութիւն ունինք՝ կառչած մնալու գիրքին ու ինքնութեանը: Գոյապայքարի առանցքը հայ գիրքն է» ըսաւ ան:
ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր-փրոֆեսոր Աւիկ Իսահակեան իր երախտիքի խօսքը յայտնեց Իրանին՝ որպէս հարազատ պետութեան, ուր որեւէ ազգային խտրականութիւն գոյութիւն չէ ունեցած հայ ժողովուրդի համար:
ԱՆԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ