ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, փոխատենապետ Համբար Եսայեանի գլխաւորութեամբ, Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին:
Նոյն առիթով, Երեքշաբթի, 8 Յունուար 2019-ին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Միջին Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին: