Կաթողիկէ համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2018-ի յետմիջօրէին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, ատենապետ Վիգէն Չերչեանի գլխաւորութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր- Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ: