ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ համայն հայ ժողովուրդի զաւակները մեր ազգային մեծագոյն եւ նուիրական տօնին՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով, մաղթելով՝ պատմութիւն կերտողի հպարտութեամբ շարունակել հայրենիքի հզօրացման հւ բարգաւաճման սուրբ աշխատանքը:
Բոլորիս պարտքն է՝ մեր աւանդը ներդնել հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի պայծառ ապագան կերտելու աշխատանքներուն:
Կեցցէ’ հայ ժողովուրդի դարաւոր փափաքներուն խորհրդանիշ՝ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը: