Յունիս 27, 2020
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս
Լիբանան
Վեհափառ Տէր,
Ուրախութեամբ իմացանք թէ վաղը,կիրակի 28 Յունիսի տեղի պիտի ունենայ Հայրապետական Մաղթանք բոլոր թեմերէ ներս ձեր Կաթողիկոսութեան ընտրութեան եւ օծման 25 ամեակի առիթով։
Ձեր վաստակը մեծ է Վեհափառ Տէր հոգեմտաւոր ու Աստուածաբանական եւ մտաւորական կաճառներէն ներս՝իսկ ձեր առաջնորդութիւնը մեր աշխարհատարած հայկական իրականութիւններէ ներս եկեղեցական եւ ազգային բնագաւառներու մէջէն միշտ ալ մնաց ու կը մնայ տիրական։ Ու տակաւին ձեր ներդրումը միջ-եկեղեցական ու համայնքային եւ էքումենիք շարժման եւ համաշխարհային մաշտապով եղաւ շատ մեծ։ Մենք սորվեցանք ձեզմէ ու կը շարունակենք ընել նոյնը ձեր կեանքի այս շատ ընդարձակ մտապաշարէն եւ փորձառութենէն ու առաջնորդութենէն։ Շնորհակալ ենք Վեհափառ Տէր ձեր առաջնորդութեանը եւ Հայրական հոգածութեանը համար։
Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչական ընկերութիւններու խնամակալ մարմնի,անձնակազմին անունով եւ անձնապէս պիտի շնորհաւորենք ձեր կաթողիկոսութեան ընտրութեան 25 ամեակը ։ Աղօթող ենք որ Աստուած ձեզի շնորհէ առողջութիւն որ շարունակէք ձեր առաքելութիւնը եւ առաջնորդութիւնը՝Քրիստոնէական, եկեղեցական եւ ազգային մեր կեանքերուն բարօրութեանը եւ յառաջխաղացքին համար։
Յարգանքով եւ երախտագիտական զգացումներով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշնչական ընկերութիւններու
Նկարի պատրաստութիւն՝ Շաքէ Մանկասարեան