Պէյրութ, 21 Սեպտեմբեր 2020
Պատուարժան Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան,
Տիար Վահագն Աթաբեկեան,
Յարգելի Պարոն Դեսպան,
Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով ընդունեցէք ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքին ջերմագոյն եւ անկեղծ շնորհաւորանքները:
Հայ ժողովուրդը դժուար եւ ծանր ճանապարհ հատած է՝ կերտելով իր ազատ, անկախ պետականութիւնը: Դիմակայած է բազում փորձութիւններ: Ունեցած է անդառնալի կորուստներ, կրած է անասելի զրկանքներ: Սակայն միշտ հաւատացած է իր պայքարի յաղթանակին, հաւատացած է դարեր շարունակ փայփայած երազանքներու յաղթանակին:
Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին առիթով մեր Հայրենիքին կը մաղթենք բարօրութիւն, բարգաւաճում, իսկ հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ ապագայի հանդէպ անսասան հաւատք, խաղաղութիւն եւ բարեկեցութիւն:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Յակոբ Թէլվիզեան Վիգէն Չերչեան