Դեկտ. 5, 2022
Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Հալէպ, Սուրիա
Սրբազան Հայր,
Ուրախութեամբ իմացանք, թէ ընտրուած էք Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ։ Կը շնորհաւորենք ձեզ եւ նաեւ Բերիոյ Թեմը Հալէպ, Լաթաքիա, Քէսապ եւ Ճեզիրէ։
Բերիոյ Թեմը ունի մեծ աւանդ։ Կերտած է պատմութիւն վաղ ժամանակներէն սկսած մինչեւ այսօր։ Ցեղասպանութենէն ետք այդ դարձաւ սփիւռքահայութեան կարեւոր կռուան, երբ հայորդիներ ապաստան գտան այստեղ։ Հալէպը եթէ մէկ կողմէ ներ-սուրիահայութեան իմաստով դարձաւ հաստատ կեդրոն, բայց նոյնքան նաեւ լիցքաւորեց եւ սատարեց սփիւռքահայ կեանքերու կազմաւորումին։
Կը հաւատանք Բերիոյ Թեմին հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային կեանքի մէջ իր կարեւոր նպաստին սուրիահայ գաղութին բայց նոյնքան նաեւ համահայկական մաշտապով։ Այստեղէն նաեւ պիտի տեսնել անհրաժեշտութիւնը գաղութի կեանքին վերաշխուժացման եւ վերակազմակերպումի աշխատանքներուն։ Այս իմաստով, ձեր ընտրութիւնը իր շատ կարեւոր ներդրումը պիտի ունենայ եկեղեցական, համայնքային եւ գաղութային կեանքի վերակազմակերպումի ջանքերուն մէջ։ Ձեր երկար տարիներու հոգեւոր, եկեղեցական եւ ազգային կեանքի փորձը մեծապէս պիտի նպաստէ այս առաքելութեան յաջողութեան։
Աստուծոյ առաջնորդութիւնը կը հայցենք ձեր այս նոր պատասխանատուութեան մէջ եւ կը մաղթենք ձեզի ուժ եւ կորով։ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան անունով եւ անձնապէս խնդրեմ ընդունեցէք մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները։
Յարգանքով՝
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն