ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
(Վաստակաշատ ուսուցիչ, երկարամեայ լրագրող -գրագիտուհի)
Ազգընտիր պատրիարք Շնորհք սրբազան ընտրութեան այս առիթով արտասանեց հետեւեալ պատմական ճառը.
«Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ (տիար Կարապետ Ղազարեան) եւ սիրելի անդամք,
Զգացուած սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ պատկառելի այս ժողովին` իմ տկար անձիս նկատմամբ ցոյց տրուած վստահութեան համար, ընտրելով զիս պատրիարք հայոց Թուրքիոյ: Կը գիտակցիմ կարողութեանս համեստութեան եւ ուժերուս սահմանափակ ըլլալուն: Գիտեմ նաեւ, թէ գէթ երկար ատեն կարելի պիտի չըլլայ լեցնել այն մեծ պարապութիւնը, որ գոյացաւ անդարձ մեկնումովը երջանկայիշատակ եւ մեծանուն պատրիարքին Գարեգին արք. Խաչատուրեանին: Յաւերժ մեծարուած մնայ իր յիշատակը: Պատկառելի Պատգամաւորական ժողովին ցոյց տուած այս գրեթէ միահամուռ վստահութիւնը պահ մը գէթ մոռցնել կու տայ ինծի իմ տկարութիւնս եւ կը ներշնչէ ինծի համարձակութիւնը, որ կարենամ «այո» ըսել ինծի ուղղուած բարձրագոյն այս առաջարկին: Ես ձեր բազմութեան ձայնին մէջէն լսելով նաեւ արձագանգը Աստուծոյ կոչին` կը խոնարհեցնեմ պարանոցս այն նուիրական լուծին ներքեւ, զոր այս պահուն կը դնէք իմ տկար ուսերուս վրայ:
«Շնորհակալ եմ արտայայտուած վստահութեան եւ բարի զգացումներուն համար, բայց նոյն բանը չեմ կրնար կրկնել ինծի վստահուած պաշտօնին համար: Ուղիղ ըմբռնումով պաշտօնները պարգեւներ չեն, որ աջ ու ձախ բաշխուին, եւ որոնց փոխարէն` ենթակաները շնորհակալ ըլլան: Պաշտօն բառը ամէնքս ալ գիտենք, կը նշանակէ ծառայութիւն, բայց ոչ թէ` բարոյական կամ այլաբանական իմաստով, այլ` իրական եւ բառական իմաստով: Այս իմաստով հանրային պաշտօնները բարձրագոյնէն մինչեւ ամենախոնարհը ես կը նկատեմ լուրջ եւ պատասխանատու ասպարէզներ, որոնց հնարաւորութեան սահմանին մէջ արդարութիւն պէտք է ընէ ենթական: Գիտակցելով եւ ընդունելով հանդերձ, թէ լիովին կամ ամբողջապէս կարելի պիտի չըլլայ արդարութիւն ընել ինծի վստահուած նուիրական այս պաշտօնին, սակայն, գէթ կրնամ իմ կարգիս վստահեցնել ձեզ մէկ կէտի մասին: Ծառայութեան բարձրագոյն այդ դիրքին վրայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գանձանակին մէջ պիտի դնեմ ամբողջ ունեցածս, «Գոյիւ չափ զկեանս իմ», թէ իսկ այդ ունեցածս երկու լումայի կամ երկու քանքարի արժէք ներկայացնէ: Աստուծոյ ուզած եւ գնահատածն ալ գիտեմ, թէ այս է:
Շնորհք պատրիարք իր խօսքը եզրափակեց` հետեւեալը ըսելով.
«Ես զաւակն եմ այս երկրին եւ ծնունդով ստացուած ժառանգութիւնները նուիրական կ՛ըլլան, եւ մարդ երբեք սրտով չի հրաժարիր անոնցմէ, թէ իսկ իր կամքէն անկախ, կեանքի պարագաներու պարտադրանքին տակ, զրկուած ըլլայ բնական այդ իրաւունքէն: Մարդուն լաւագոյն յիշատակները եւ սիրտը միշտ կապուած կը մնան իր ծննդավայրին: Ուստի, պաշտօնական այս առիթով կը խնդրեմ, որ մեր բարեխնամ կառավարութիւնը վերստին շնորհէ ինծի իմ ունեցած նախկին քաղաքացիական առանձնաշնորհումը»:
Նորընտիր պատրիարքին այս ճառէն ետք նախարարաց խորհուրդի 25 դեկտեմբեր 1961 թուակիր որոշումով վաւերացուեցաւ Շնորհք սրբազանի պատրիարքութիւնը:
Թուրքիոյ կառավարութեան վաւերացումը հաղորդուեցաւ եւ արտօնուեցաւ, որ Շնորհք պատրիարք պատրիարքական սքեմ կրէ: Ատկէ զատ, ան վերահաստատուեցաւ թրքահպատակութեան մէջ: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը տեղեակ պահուեցաւ վաւերացումէն եւ 27 դեկտեմբեր 1961-ին Ս. Էջմիածնէն հասաւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան գիրը, որով արքութեան պատիւ կը շնորհուէր Շնորհք եպս. Գալուստեանի:
Շնորհք պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը եւ պատրիարքական ուխտը կատարուեցաւ 3 յունուար 1962-ին, Գումգաբուի մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Շնորհք պատրիարք պատկառելի թափօրով անցաւ ժողովուրդին մէջէն, բարձրացաւ խորան, ծնրադրեց եւ կատարեց իր ուխտը` ի մէջ այլոց ըսելով.
«Առաջի Աստուծոյ, կ՛ուխտեմ պաշտօնս ի գործ դնել հանրապետութեան օրէնքներուն, կանոններուն եւ հնաւանդ սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն համապատասխան ձեւով, պահել եւ պաշտպանել մեր համայնքի կրթական, բարեսիրական եւ ընկերային հաստատութիւններու իրաւունքներն ու շահերը, առաջնորդ ըլլալ կրօնակիցներուս իրաւունքի, առաքինութեան եւ արդարութեան ճանապարհին եւ ծառայել սոյն նպատակներուն հաւատարմօրէն:
«Կ՛ընդունիմ այս ցուպը ո՛չ միայն մեծ յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ, այլ նաեւ` պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ»:
Շնորհք պատրիարք իր պատմական ուխտը աւարտին բերաւ` աղերսանք ուղղելով Աստուծոյ եւ ըսաւ. «Օգնեսցէ ինձ Աստուած, որպէսզի կարենամ հաւատարիմ մշակն ըլլալ իր այգիին, գործադրիչը եւ տարածիչը` խաղաղութեան եւ եղբայրութեան իր պատգամին եւ հաւատարիմ զաւակը այս մեծ հայրենիքին»:
Այս հանգրուանէն ետք Շնորհք պատրիարքի կեանքը եղաւ սուրբ նուիրումի եւ տքնաջան աշխատանքի կեանք մը: Ան դարձաւ իր հօտին եւ ամբողջ սփիւռքահայութեան սիրելի պատրիարքը, սրբակենցաղ հոգեւորականը, քաջ հովիւը, որ երբեք չընկրկեցաւ իր դիմաց ցցուած դժուարութիւններուն դիմաց, երբեք չդրժեց պատրիարքական իր ուխտը, երբեք կռնակ չդարձուց իր հօտին նիւթական եւ հոգեկան կարիքներուն: Իր անմիջական գուրգուրանքին տակ պահեց մեր ազգային բոլոր հաստատութիւնները, ըլլան անոնք եկեղեցի, հիւանդանոց, Սանուց միութիւն, վարժարան, որբանոց, պատրիարքարան, Կազդուրման կայան եւ ամէն ինչ:
Շնորհք պատրիարք իր աթոռին հեղինակութիւնը պահեց իր բարձրակէտին վրայ: Երբեք չփակուեցաւ պատրիարքարանի պատերուն մէջ: Իր կարեւորագոյն եւ սիրելի յատկութիւններէն մէկը եղաւ մտնել ժողովուրդին մէջ եւ ըլլալ ժողովուրդին հետ: Սակայն երբեք չաժանցուց ժողովուրդին հետ միասնութիւնը, միշտ մնաց պատրիարքի պատկառելիութեան մէջ եւ ամէնուրեք իրեն հետ տարաւ պատրիարքի ծանրութիւնը: Ունէր պատկառանք ներշնչող քալուածք ու կեցուածք, խորաթափանց նայուածք, կուռ ու հնչեղ ձայն: Սրահներէն ներս կը մտնէր նահապետի տիրականութեամբ եւ հոգեւոր տիրոջ շնորհով:
Հոգեւորականի մասնայատուկ հմայք մը ունէր: Ժողովուրդին ծառայելու խանդավառութեամբ տոգորուած` մաքուր եւ անբասիր հոգեւորականի ցոլացումն էր այդ հմայքը:
Շնորհք պատրիարք հոգիներու ազդեց հայրագորով եւ գթառատ բարութեամբ, քրիստոնէական սիրով եւ տոհմային հարազատ ապրումներով:
Շնորհիւ իր այս մասնայատկութիւններուն, Շնորհք պատրիարք ո՛չ միայն համայնքը կապուած պահեց իրեն, այլ իր անձը սիրելի դարձուց երկրին քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն:
Տիրաբար ներկայացուց Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը թէ՛ մեր համայնքային կեանքէն ներս եւ թէ՛ պետական աւագանիին առջեւ, նաեւ` միջքրիստոնէական հաւաքոյթներու ընթացքին: Կրցաւ տալ պատմական այս աթոռին անունին եւ առաքելութեան վայել հանգամանք` համայնքային եւ համազգային առումով:
Միշտ եւ ամէն կիրակի ներկայ գտնուեցաւ, նախագահեց եկեղեցիներու տօնախմբութեան եւ մատաղի օրհնութեան հանդիսութիւններուն, յաճախ պատարագեց այդ առիթներով, անպայման նախագահեց անոնց յաջորդող սիրոյ սեղաններուն եւ իր հաղորդական անհատականութեամբ ո՛չ միայն շէնցուց այդ սեղանները, այլ նաեւ նպաստեց անոնց արդիւնաւորման` շատ անգամ բանալով նուիրատուութեան արշաւներ եւ այդ հանդէսները փակելով սքանչելի հուսկ բանքերով: Միշտ իր անսեթեւեթ եւ անխարդախ խօսքն ունեցաւ խորաններէն, սիրոյ սեղաններէն եւ մշակութային երեկոյթներէն:
Պարզ եղան իր քարոզները, կրօնաբոյր եւ բարոյախօսական, տոհմային ինքնագիտակցութեան շունչով: Ժողովուրդը սիրեց պարզութիւնը իր խօսքին: Վստահեցաւ, հաւատաց, ի՛րը ըրաւ անոր մտահոգութիւնները:
Գեղարուեստական բոլոր հանդէսներուն նախագահեց մեծ սիրով: Ջերմօրէն քաջալերեց արուեստագէտներն ու գրչի մարդիկը, ազգային գործիչներն ու կրթական մշակները: Պատուեց յոբելենական բոլոր հանդիսութիւնները:
Թափ տուաւ պատրիարքարանի հրատարակչական աշխատանքին: Ապահովեց «Շողակաթ»-ի հրատարակութիւնը: Պանծացուց անցեալի մեծանուն պատրիարքներու յիշատակներն ու անունները, որոնց մասին շքեղ գրքոյկներ հրատարակեց եւ անոնց համար անմոռանալի հանդէսներ կազմակերպեց:
Ձեռնարկեց եկեղեցիներու նորոգութեան եւ բարեզարդման շարժումի մը: Շարականի եւ ձայնագրութեան ուսուցման դասընթացք հաստատեց:
Շնորհք պատրիարք պարտականութիւն նկատեց ցուպը ձեռին` ճամբորդել դէպի արտասահման, եւ մեր համայնքային հաստատութիւններու նիւթական կարիքները դիմագրաւելու համար դիմեց նախկին հայրենակիցներու:
1965-ի սեպտեմբերին սկիզբը նուիրահաւաքումի համար նախ եկաւ այս երկիրը` Ամերիկա, Քալիֆորնիա: Այցելեց շրջանի գրեթէ բոլոր համայնքները: Յետոյ անցաւ Քանատա: Ամէնուրեք պատարագեց, քարոզեց, բացատրութիւններ տուաւ թրքահայոց կրօնական, կրթական ու համայնքային կեանքին մասին:
Շնորհք պատրիարք 1967-ին անակնկալ կերպով Երուսաղէմի վանքէն գողցուած ու աճուրդի հանուած 23 ձեռագիրներու հարցով զրպարտութեան մը հետ դէմ յանդիման մնաց: Երուսաղէմի պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան այս գողութենէն պատասխանատու հռչակեց Շնորհք պատրիարքը, այս ուղղութեամբ ալ վճիռ մը արձակել տուաւ Յորդանանի դատարաններէն մէկուն` պնդելով, թէ ձեռագիրները Երուսաղէմէն գողցուած էին Շնորհք սրբազանի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի լուսարարապետութեան շրջանին: Շնորհք պատրիարք այնուհետեւ ժամանակ եւ աշխատանք վատնեց փաստելու համար իր անմեղութիւնը այս տխրահռչակ խնդրին մէջ եւ դիմակազերծ ըրաւ գողութեան բուն հեղինակները: Այս ուղղութեամբ ալ 1969 թուականին հրատարակեց 366 էջերէ բաղկացեալ հատոր մը` «Ձեռագիրներու գողութեան գայթակղութիւնը» խորագրին տակ:
20 յունիս 1969-ին հովուապետական այցելութիւն կատարեց դէպի Թուրքիոյ ներքին երբեմնի հայաբնակ գաւառները: Ճամբայ ելաւ դէպի այն կեդրոնները, ուր եկեղեցի ունէինք, ուր հայեր կը բնակէին` առանց աղօթատեղի մը ունենալու: Այցելեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր մատոյց գաւառի առաջին ս. պատարագը: Հոն, Շնորհք պատրիարքի հովանիին ներքեւ համախմբուեցաւ Թոքատի, Ամասիոյ եւ Սեբաստիոյ հայութիւնը: Շնորհք պատրիարք Կեսարիայէն անցաւ Մալաթիա, Էլազիկ եւ Տիգրանակերտ, Մարտին, Ալեքսանտրեթ, Գըրըգխան, Վագըֆ գիւղ, Մերսին` հիմնական նպատակ ունենալով փրկել այդ հողերուն վրայ ապրող մեր ազգակիցներու մնացորդացը եւ ինքնութիւն շահեցնել անոնց: Ամէնուրեք քարոզչութեամբ մխիթարեց գաւառի հայութիւնը եւ մատոյց ս. պատարագ: Այսպէս, յաջորդաբար հովուական այցելութիւններ տուաւ գաւառի հայութեան 1977, 1985, 1987 կրկին անգամ եւ վերջինը` 1989 թուականներուն:
Յետոյ, իր մեծագոյն իրագործումներէն մէկը եղաւ նիւթապէս ու բարոյապէս պաշտպան կանգնիլ Անատոլուի գաւառներէն խմբովին քաղաք եկած գաղթականներուն, չքաւորներուն: Կուրծք տալով նիւթական ահաւոր դժուարութիւններու, երբեմն ալ խաբուելով դիմացիններուն մարդկային տկարութիւններէն` դրամագլուխներ տրամադրեց անոնց, որպէսզի անոնք բոյն մը ունենան Պոլսոյ մէջ, գործ գտնեն եւ իրենց զաւակները կրթեն ազգային վարժարաններու մէջ:
Այս նպատակով պատրիարքարանի կողքին հաստատեց գաղթակայաններ եւ իր հովանաւորութեամբ ապահովութիւն ներշնչեց գաղթականներուն:
Հետաքրքրուեցաւ կրթական հոգերով, մանաւանդ` ուսուցչի տագնապով եւ վարժարաններու նիւթական դժուարութիւններով:
Գնալը կղզիին մէջ նիւթապէս անապահով ընտանիքներու զաւակներուն համար հաստատեց «Կազդուրման կայան»-ը, որպէսզի մեր մանուկները ամառնային շրջանին օգտուելով բնութեան բարիքներէն` կազդուրուին հոգեպէս եւ մարմնապէս: «Կազդուրման կայան»-ը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ` հետզհետէ ծաղկելով եւ բարգաւաճելով:
Անհաւատալիօրէն խոնարհ կեանք մը ապրեցաւ: Փառքը չէր սիրեր, մսխումը կ՛ատէր, իր անձնական կարիքներուն մէջ շատ ժուժկալ ու խնայասէր էր, չէր հանդուրժեր, որ իրեն համար դրամ մսխուի: Կը նախընտրէր, որ ամէն նուէրի փոխարժէքը յատկացուի գաւառէն եկած գաղթականներուն, չքաւորներուն:
Շնորհք պատրիարք շատ փոթորկոտ շրջանի մը պատրիարքը եղաւ: Ունեցաւ ներքին դժուարութիւններ, որոնք կու գային մեր համայնքէն: Ունեցաւ նաեւ արտաքին դժուարութիւններ, որոնք կու գային երկրին իշխանութեանց տնօրինութիւններէն եւ կարգ մը օրէնքներու անտեղի կերպով մեր համայնքային հաստատութիւններու ալ կիրարկումէն, կամ վերջապէս` կարգ մը անպատասխանատու վարչականներու քմահաճ կարգադրութիւններէն:
Այս բոլորին վրայ աւելցան արտասահմանի մեր ազգակիցներուն Թուրքիոյ դէմ բուռն վրիժառութեան եւ բողոքի անիշխանական շարժումները եւ թուրք քաղաքագէտներու սպանութեան դէպքերը, որոնք կը սպառնային երկրի հայ ժողովուրդի անդորրութեան եւ պատրիարք հայրը նեղ դրութեան կը մատնէին: Յաջորդական այս դէպքերը յուզումի ալիք յառաջացուցին, ծանր հոգեր բեռցնելով Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի ուսերուն վրայ: Երկար ամիսներ խանգարուեցաւ Թուրքիոյ եւ պոլսահայութեան անդորրը:
Շնորհք պատրիարք կրցաւ իսկական հօր մը գուրգուրանքով արիաբար եւ խելամտութեամբ պաշտպանել ժողովուրդը` իշխանութիւններու դիմաց ամրակուռ պատնէշ կանգնելով, առանց դիւանագիտական կեղծիք մարմնաւորող երեւոյթներու:
Կը խորշէր կեղծիքէն, որովհետեւ կեղծիքը, անձին իսկ վկայութեամբ, պիտի ըլլար ապրուած դառնութիւններու ժխտումը:
«Վճիռը պատմութեան կը պատկանի», կ՛ըսէր ան:
1977 յունիսին սպաննուեցաւ Վատիկանի թուրք աւագ դեսպանը:
Շնորհք պատրիարք կոչ հրատարակեց արտասահմանի հայութեան ուղղեալ եւ պախարակեց ոճիրը, ինչ նպատակի համար ալ կատարուած ըլլար ատիկա:
1978-ին անիշխանական շարժումները կը շարունակէին խռովել հայրենակիցներու կեանքը: Ասոնց վրայ միշտ կ՛աւելնային արտասահմանի մէջ հայ շրջանակներու կողմէ տարուած հակաթուրք աշխատութիւնները, որոնք 24 ապրիլի նախօրեակին սաստկացան:
Շնորհք պատրիարք պահանջը զգաց խաղաղութեան նոր կոչ մը ուղղելու սփիւռքահայութեան, ուր կ՛ըսէր. «Մենք կ՛ուզենք, որ ամէն տեսակ պատերազմ վերանայ աշխարհի վրայէն, եւ բոլոր ազգերը, բոլոր մարդիկ, ինչ հաւատքի եւ ցեղի ալ պատկանին, ապրին եղբայրական խաղաղութեան մէջ: Ասիկա մեր մաղթանքն է, մեր փափաքն է, ատոր համար մեր ձեռքէն եկած ամէն բան ընել վճռած ենք»:
Միւս կողմէ, փոխադարձաբար, թրքական շրջանակներ շարժման անցան իրենց բողոքը արտայայտելու համար արտասահմանի հայոց արարքներուն դիմաց: Անոնք պայթուցիկներ նետեցին պատրիարքարանի դրան, մայր եկեղեցիի, Պէզճեան վարժարանի դրան առջեւ, բայց յայտնի չեղան ռմբահարման հեղինակները:
1978-ի 6 յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնին առաւօտուն, անծանօթներ ռումբ նետեցին պատրիարքարանի առջեւ: Ռումբը խոշոր փոս մը գոյացուց պատրիարքարանի դրան առջեւ եւ փշրեց ներսի ապակեայ, արժէքաւոր դռներէն մէկը:
Ուրիշ անգամ մը անծանօթներ փայտի տաշեղներ ցանեցին պատրիարքարանի շէնքի մուտքի դրան առջեւ եւ կրակի տուին: Բարեբախտաբար կանուխէն նշմարուեցաւ խափանարարութիւնը եւ ահաւոր հրդեհի մը առաջքը առնուեցաւ:
Այս բոլորէն ետք Շնորհք պատրիարք կոչ մը եւս հրատարակեց` խօսքը ուղղելով արտասահմանի հայութեան եւ պահանջեց, որ նմանօրինակ դէպքերու դիմաց արտասահմանի հայութիւնը չխորհի որեւէ փոխադարձութեան դիմել, որոնցմէ արդէն իսկ կը տառապէր բովանդակ երկիրը:
Յետոյ, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Անգարա գնաց, շփումներ ունեցաւ վարչապետին, ներքին գործոց նախարարին, նաեւ կրթական նախարարին եւ վագըֆներու տնօրէնին հետ: Վերադարձին այս մասին լայն տեղեկութիւններ տուաւ հայ մամուլին:
Շնորհք պատրիարք գրական բեղուն աշխատանք տարաւ` հրատարակելով կրօնաբարոյական ինքնատիպ ոճով բազմաթիւ հատորներ: Մասնաւորաբար Մեծ պահքի շրջաններուն մամուլի մէջ ամէնօրեայ յօդուածներով հոգեկան սնունդ ջամբեց ընթերցասէր եւ եկեղեցասէր ժողովուրդին: Վերհրատարակել տուաւ եկեղեցական աղօթագիրքեր եւ շարականագրքեր եւ եկեղեցական օրացոյցներ: Կը գրէր ու կ՛արտադրէր առատօրէն` ժամանակ գտնելով զինքը մաշեցնող անհամար հոգերու եւ տաղտուկներու մէջէն:
Միւս կողմէ` կը սրտապնդէր մշակոյթի մարդիկը եւ զանոնք կը քաջալերէր իրենց աշխատանքին մէջ: Իր հրատարակած գիրքերէն կարելի է յիշել` «Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկի շղթան», «Գունագեղ կիրակիներ եւ հոգեգալուստ», «Տաղաւար տօներ», «Յիսուս Որդի», «Աւագ շաբաթ», «Եօթը պատգամները եօթը կիրակիներու», «Աստուածաշնչական սուրբեր», «Հայազգի սուրբեր», «Ընդհանրական թուղթ Ներսէս Շնորհալիի» եւ այլ գիրքերը:
Շնորհք պատրիարք Կ. Պոլսոյ աթոռին գահակալեց` դառնալով ամէնէն հաւատաւոր սպասաւորը Հայ առաքելական եկեղեցիին: Որպէս այս աթոռին 82-րդ պատրիարքը` ան գահակալեց 29 երկար տարիներ` իր շնորհն ու բարիքները տեղացնելով պոլսահայութեան եւ համայն Հայ եկեղեցիին վրայ:
Իր գրիչով ու խօսքով, իր կեանքով ու գործունէութեամբ, քրիստոնէավայել ուղղամտութեամբ, հաւատարմօրէն հսկեց հայրենաւանդ նուիրականութիւններու վրայ` Հայ եկեղեցւոյ իշխանաւորի նախանձախնդիր ջերմեռանդութեամբ:
Վախճանեցաւ 7 մարտ 1990-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, ուր գացած էր երկրաշարժի աղէտեալներուն սփոփանք ու մխիթարութիւն բաշխելու համար:
Երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքի մարմինը Էջմիածնէն Պոլիս փոխադրուեցաւ 14 մարտ 1990-ին: Օծման արարողութիւնը կատարուեցաւ 18 մարտ 1990, կիրակի, Գումգաբուի մայր եկեղեցւոյ մէջ, խուռն բազմութեան մը ներկայութեամբ: Ս. պատարագը մատուցեց Մայր Աթոռի դիւանապետ, վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ` Ներսէս արք. Պոզապալեան ու նաեւ կարդաց վեհափառ հայրապետին դամբանախօսութիւնը ու վշտակցութիւնը: Օծումը կատարեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Շահան արք. Սվաճեան, ապա դամբանախօսեց, ուր խօսեցաւ իր բացառիկ քարոզներէն մէկը: Պատրիարքարանի դրան առջեւ եւս դամբանախօսութիւններ կատարուեցան: Որմէ յետոյ մարմինը փոխադրուեցաւ ու ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղամասին մէջ:
Շնորհք պատրիարք լուսափայլ աստղ մըն էր, որ յաւիտենապէս պիտի շողշողայ հայ եկեղեցական կեանքի երկնակամարին վրայ:
Երկիւղածութեամբ եւ որդիական անկեղծ սիրով կը խոնարհիմ իր անմեռ յիշատակին առջեւ:
Մեծայա՛րգ ներկաներ,
Թէեւ երկար ժամանակ խլեցի, բայց պիտի խնդրեմ, որ արտօնուի ինծի մէջբերում մը եւս ընել, որ վստահ եմ, թէ կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Երէկ Յովնան սրբազանէն որպէս նուէր ստացայ իր ինքնագիր մէկ հատորը` «Ապրուած կեանքի յուշեր», որուն մէջ սրբազան հայրը գրական ընտիր ոճով, բիւրեղեայ հայերէնով, մտերիմ, անկեղծ, հարազատ պատկերացումներով, իր ներաշխարհի ապրումներուն մասին պարզաբանումներ կ՛ընէ եւ հոգեւոր կեանքի վայելքը կը շեփորէ:
Յիշեալ գիրքին մէջ անբացատրելի գոհունակութեամբ եւ հոգեկան ցնծութեամբ տեսայ, որ Յովնան սրբազան խոր ազդեցութեան տակ մնացած է Շնորհք պատրիարքի եւ զայն իրեն որպէս հոգեւորականի տիպար ընդունած է:
Սա պահուն, երբ վստահ եմ, որ մեր սիրեցեալ երջանկայիշատակ Շնորհք պատրիարքը երկինքէն կը հետեւի մեզի, կ՛արժէ, որ անդրադառնանք Յովնան սրբազանի վկայութիւններուն, որոնք հոգեւորականի ապրումներու կնիքով առաւել վաւերական կը դառնան:
Յովնան սրբազան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ, շեշտելով աղօթքին ներգործութիւնն ու բարերար ազդեցութիւնը մարդոց կեանքէն ներս, սապէս կը բնութագրէ Շնորհք պատրիարքը.
«Աղօթքը մեր մէջ կը հաստատէ զգաստութիւն` մերժելու համար եսասէր վարմունքը, չարութիւնը եւ ամէն տեսակի յոռի բարքեր: Հանգուցեալ Շնորհք պատրիարքի կեանքին հետեւող անձը կը գտնէ մէկ յստակ վարքագիծ. աղօթքով դէպի Աստուած ճանապարհորդութիւն մը»:
Իսկ այլ յօդուածի մը մէջ Յովնան սրբազան աղօթքին եւ հոգեւոր ապրումներուն առթած վայելքին փառաբանութիւնը ընելու ընթացքին կ՛անդրադառնայ Շնորհք պատրիարքին ու կ՛ըսէ. «Իմ հոգիիս աչքերուն առջեւ կը տեսնեմ հոգելոյս Շնորհք պատրիարքը, որուն կեանքը դարձաւ կենդանի Աւետարան մը բոլոր անոնց համար, որոնք հոգեւոր կեանքին ծարաւը յագեցուցին Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքով»:
Իսկ «Գերեզմաններ» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ Յովնան սրբազան այսպէս կը նկարագրէ Պոլսոյ մէջ Շնորհք պատրիարքի գերեզման այցելութիւնը.
Գերեզմաններ
Պոլիս այցելութիւնս պիտի տեւէր ընդամէնը մէկուկէս օր, եւ սրբազան ուխտ մը համակած էր զիս ամբողջովին. կ՛ուզէի անպատճառ այցելել Շիշլիի հայոց գերեզմանատունն ու աղօթել հոգելոյս Շնորհք պատրիարքի գերեզմանին վրայ:
Շնորհք պատրիարք Գալուստեան իր սրբակենցաղ կեանքի օրինակով խորապէս տպաւորած էր զիս` սկսած 1970-ական թուականներէն: Քանի տարիներ անցան, այնքան աւելի սերտացաւ կապը իրեն եւ մեր ուսանողներուս միջեւ: Խունկի բուրմունք մը կար վրան. այդ պատուական ու առաքինի հոգեւորականին շուրջ կը հաւաքուէինք յաճախ լսելու համար բարի խորհուրդներն ու իմաստուն խրատները` դասեր քաղելով իր փորձառութենէն: Ամենաքաղցր յուշերս կապուած են Օքսֆորտի համալսարանի ուսանողական տարիներուս, իսկ աւելի ուշ, Թորոնթոյի մէջ իմ հովուութեան շրջանին հետ: Բազմաթիւ առիթներով ունեցած մտերիմ մեր զրոյցներու ընթացքին իր կոչումին հաւատարիմ ու արժանի անձնաւորութեան մէջ գտած էի աղօթող հոգեւորականը: Անոր անսպասելի ու տխուր վախճանը ըմբռնելու, հասկնալու համար ներքին զգացում մը կը մղէր զիս տեսնելու գերեզմանը ու համբուրելու զինք ծածկող քարը:
Մեսրոպ սրբազանի հետ ենք ու միասին կ՛աղօթենք եւ մեզի կը թուի, թէ աղօթքն առանց անդրադարձումի չի մնար. կարծէք գերեզմաններէն լսուող պատասխան ձայներ են, որ կը հասնին մեր ականջին: Հաւատքի ու տեսիլքի հսկաներու, մտքի տիտաններու հոգիներն են, որ կը շրջին անմահներու այս կացարանին մէջ ու կը լսեմ, կը զգամ շունչը հայ հոգիի ու մտքի փարոսը հանդիսացող մեր մտաւորականներուն, որոնց լոյսը վահանն է մեր փրկութեան:
Շնորհակալութիւն, սրբազա՛ն հայր,
Կը խոնարհեցնեմ ճակատս ձեր երախտագէտ եւ ազնուասիրտ հոգեւորականի սուրբ ներկայութեան դիմաց եւ արեւշատ օրեր ու բարւոք ծառայութիւն կը մաղթեմ ձեզի:
Շնորհակալութիւն բոլորիդ:
(Շար. 2 եւ վերջ)