Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Շոայի հիմնադրամը այսուհետեւ իր արխիւին մէջ պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու վկայութիւններու ամենամեծ հաւաքածուներէն մէկը, որ տասնամեակներ շարունակ հաւաքագրած է ամերիկաբնակ հայ պատմաբան, դոկտոր Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ PR Newswire-ը:
Այսօր, Ուրբաթ, 9 Մարտին կայանալիք յատուկ արարողութեան ժամանակ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան հաւաքածոն պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի իբրեւ հիմնադրամի Տեսողական պատմութեան արխիւին մէկ մասը:
Անիկա կը ներառէ աւելի քան 1000 հարցազրոյց: Բացի ձայնագրութիւններէն, հաւաքածոն կը ներառէ նաեւ իւրաքանչիւր վկայութեան ուղեկցող փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ:
Հաւաքածոյի գերակշիռ մեծամասնութիւնը ձայնագրուած է հայերէնով եւ միայն 20 տոկոսը անգլերէն է: Կան նաեւ թրքերէն եւ սպաներէն հարցազրոյցներ, որոնք, սակայն, փոքր մաս մը կը կազմեն:
Ուրբաթ, 9 Մարտին հիմնադրամի արխիւին մէջ հանրութեան հասանելի պիտի ըլլայ միայն 10 վկայութիւն` եօթը անգլերէնով եւ երեքը հայերէնով: Մնացելը պիտի աւելցուին հիմնադրամի բարձր չափանիշներով թուայնացուելէ ետք:
Յովհաննիսեան, որ ինքն ալ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածի ժառանգ է, խորապէս հաւատացած է, որ վկայութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին սերունդները կրթելու, ժխտողականութեան դէմ պայքարելու հարցով:
Արխիւի կարեւորութիւնը ընդգծած է նաեւ Շոայի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սթեֆան Սմիթ` ըսելով. «Տեսողական պատմութեան արխիւին մէջ աւելի մեծ բովանդակութիւն աւելցնելով` մենք կը յարգենք այն յիշատակը մարդոց, որոնց կեանքը զուր ընդհատուած է: Այս ձայները պիտի օգնեն վստահեցնելու, որ ապագայ սերունդները սորվին անոնցմէ, որոնք ապրած են Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները»:
Շոայի հիմնադրամի արխիւին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայութիւններու հաւաքածուին մէջ մեծութեամբ երկրորդն է Հոլոքոսթի վերաբերեալ վկայութիւններէն ետք: