Կ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութը ոչ շատ հեռու անցեալին իր արուեստագէտներով` մեցցօ սոփրանօ, սոփրանօ, պաս եւ թենոր ձայներով հայ մշակոյթի մարզին ճամբով արուեստի բարձրորակ մակարդակ մը պարգեւած է Լիբանանին եւ ի մասնաւորի հայութեան: Այս առումով Թագուհի Թէքեան, Իզապէլ Պայրագտարեան, Գէորգ Պէպէճեան, Գէորգ Հաճեան եւ ուրիշներ մեր գաղութին պարծանքը կազմեցին եւ տակաւին կը կազմեն Լիբանանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
Լիբանանահայութեան համար նորագոյն յայտնաբերում մը եղաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն շրջանաւարտ եւ երգի ուսուցչուհի Շողիկ Թորոսեանի դասական բարձրորակ համերգը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ:
Սրահը լեցուցած արուեստասէր հասարակութիւնը հմայուեցաւ` ի տես ներկայացուած բացառիկ համերգին:
Յայտագիրին առաջին բաժինը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ երաժիշտին` Կոմիտաս վարդապետին, ունկնդիրները փոխադրեց հայրենի աշխարհ: Արուեստագէտը իր բիւրեղ եւ առինքնող ձայնով կրցաւ փոխանցել մեր յոյզերը, հայուն տառապանքը եւ, վերջապէս, վերապրելու կամքը: Ներկաները ապրեցան Կոմիտասի գրած ու յօրինած երգերուն բնոյթը եւ արժէքը: Համերգին ներկայ գտնուող օտար հասարակութեան Շողիկ Թորոսեան կրցաւ փոխանցել Կոմիտասի դիւթիչ երաժշտութեան արժէքը: Ահա եւ համերգին լիարժէք յաջողութիւնը: Այս պատկերը մեզի յիշեցուց այն, որ երբ տարիներ առաջ տեղի կ՛ունենար երգ-մրցանք մը, հայ արուեստագէտի կողմէ ներկայացուած կոմիտասեան երգը արժանացաւ օտար հասարակութեան ջերմ գնահատանքին: Շողիկ Թորոսեանի համերգին առաջին բաժինին փայլք տուաւ դաշնակահար Յասմիկ Գասպարեանի ընկերակցութիւնը:
Յայտագիրին երկրորդ մասը, որ առաւելաբար կը բաղկանար միջազգային դասական կտորներէ, ինչպէս` Ֆրենք, Մոցարթ, Քաչինի, Պապաճանեան, Բուչինի, Տէ Քուրդիս, բաւական մեծ տպաւորութիւն ձգեց արուեստասէր հասարակութեան վրայ: Այս բաժինին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթին ընկերակցութիւնը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն էր Աշոտ Ճենտերեճեան, ունկնդիրներուն հոգեկան բերկրանքի պահեր պարգեւեց:
Շողիկ Թորոսեանի դասական իւրայատուկ համերգը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ իր անուրանալի դրոշմը ձգեց: Արդարեւ, Թորոսեան յստակ պատգամ մը փոխանցեց նոր սերունդին` սիրել դասական երաժշտութիւնը, հայ երգը, Կոմիտասը, տէր կանգնիլ անոնց եւ որպէս աւանդ ու արժէք` փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Շողիկ Թորոսեանի դասական բարձրորակ մենահամերգը եւ առինքնող ձայնը երկար պիտի մնայ լիբանանահայ արուեստասէր եւ մշակութասէր հանրութեան յիշողութեան մէջ` մինչ նոր համերգացանկի ունկնդրութիւն: