ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ)` Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերու տարելիցին առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ 1920ին, Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերը եւ 2020ին քաղաքին բռնագռաւումը ո՛չ միայն Արցախի եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ ցեղասպան քաղաքականութեան դրսեւորում են, այլ նաեւ յանցագործութիւն մարդկութեան եւ մարդկայնութեան դէմ, միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու կոպտագոյն խախտում:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ101 տարի առաջ այս օրը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, թրքական կանոնաւոր բանակի եւ բազմաթիւ զինուած աւազակախումբերու հետ համագործակցութեամբ, կազմակերպեցին Շուշիի հայ ազգաբնակչութեան կոտորածը՝ գրեթէ հիմնովին աւերելով Արցախի պատմական մայրաքաղաքը:
«Շուշիի ցեղասպանութիւնը արհեստականօրէն ստեղծուած «Ադրբեջան» կոչուող պետութեան՝ Արցախի նկատմամբ զաւթողական քաղաքականութեան առաջին դրսեւորումն էր: Այդ հրէշաւոր յանցագործութեան արդիւնքում հազարաւոր հայեր սպաննուեցին, տասնեակ հազարաւորներ ստիպուած եղան լքել քաղաքը, ոչնչացուեց հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, թալանուեց մարդկանց ունեցուածքը, պղծուեցին սրբավայրերը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կը յայտնէ, թէ համոզուած է, որ այս ողբերգական իրադարձութիւնը ազդակն էր այն քաղաքականութեան, զոր Ատրպէյճան պէտք է որդեգրէր հետագայ տասնամեակներուն համար:
Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ նման մարդատեաց գործողութիւններու շարունակութիւնը դարձաւ 1988 թուականէն ի վեր հայ ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող հայատեաց քաղաքականութիւնը, որուն ծիրին մէջ ի գործ կը դրուին ճնշումներ, ցեղային զտումներ եւ կոտորածներ:
«Այն հանգամանքը, որ Բաքուի եւ Անկարայի ցեղասպան քաղաքականութիւնն այդպէս էլ չարժանացաւ միջազգային հանրութեան համարժէք գնահատականին, իսկ ոճրագործները մնացին անպատիժ, պատճառ դարձաւ, որ Ադրբեջանը, Թուրքիայի աջակցութեամբ եւ միջազգային ահաբեկիչների ներգրաւմամբ, 2020թ. Սեպտեմբերի 27ին նոր յարձակում սանձազերծի Արցախի դէմ՝ դաւադրաբար տիրանալով հայոց բերդաքաղաք Շուշիին», դիտել կու տայ նախարարութիւնը՝ հաստատելով, որ արցախահայութիւնը երբեք չի հաշտուիր Շուշիի կորուստին հետ:
«Շուշին եղել է, կայ եւ կը մնայ Արցախի անբաժան մասը: Կ՛արուի առաւելագոյնը Արցախի գրաւեալ տարածքների ապագրաւման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման համար», կը նշէ Արցախի արտաքին գերատեսչութիւնը: