Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի “Շուշի” պարախումբը կը վերադառնայ բեմ` 4 Յունիս 2022-ին նախատեսուած ելոյթով:
Համավարակի պայմաններուն պարտադրած սահմանափակումներուն մեղմացումին զուգահեռ, պարուսոյց պարոն Աւօ Գարաքէշիշեան շաբաթ առ շաբաթ վերականգնեց պարախումբին կազմը եւ ձեռնարկեց կանոնաւոր փորձերու…
Պարախումբին անդամ մեր աշակերտ-աշակերտուհիները ցուցաբերեցին լրջութիւն եւ հետեւողականութիւն. խանդավառութիւնը կրկին տեղ գրաւեց անոնց շարքերուն մէջ…
Ստացանք մեր ծնողներուն աջակցութիւնն ու քաջալերանքը…շնորհակալ ենք իրենց:
…եւ ի հեճուկս Լիբանանի մէջ տիրող ծանօթ պայմաններուն, ահաւասիկ “Շուշի”ն կը վերադառնայ բեմ…
Կը վերադառնայ յոյսի թեւերուն վրայ՝ առաւել պատրաստուած քան երբեք…
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի