ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Շուշի քաղաքի ոսկեդարը 19-րդ դարն էր, երբ ան Անդրկովկասի մեծագոյն քաղաքներէն էր, ուր կողք-կողքի, առանց մեծ ընդհարումներու, բայց նաեւ՝ առանց որեւէ լուրջ համագործակցութեան, կ’ապրէին հայեր եւ այսօրուան ադրբեջանցիներու նախնիներ՝ թաթարներ։
Քաղաքի բնակչութեան էթնիկական թուակազմի մասին մեզի հասած ամենահին, քիչ թէ շատ վստահելի տուեալները 19-րդ դարու երկրորդ քառորդէն են, երբ քաղաքը շուրջ 10 հազար բնակիչ ունէր եւ որոնց մէջ կը գերակշռէին մահմետականները։ 1836-ի տուեալներով, Շուշիի մէջ կը բնակէր 5059 արական շունչ, որոնցմէ՝ 2667 մահմետական եւ 2392 հայ։
Շուշիի հայ եւ թաթար բնակչութեան թուաքանակը հաւասարեցաւ 19-րդ դարու կիսուն։ 1852-ի տուեալներով, քաղաքը ունէր 12731 բնակիչ (6371 մահմետական եւ 6355 հայ)։
Հայութիւնը Շուշիի մէջ մեծամասնութիւն դարձաւ 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն եւ այդպէս մնաց մինչեւ 1920-ի ջարդը։ 1916-ին Շուշին ունէր 43863 բնակիչ, որմէ 21926 հայ եւ 18641 մահմետական։
20-րդ եւ 21-րդ դարերուն, սակայն, Շուշին քանիցս դարձաւ հայ-թաթարական կամ հայ-ադրբեջանական ընդհարումներու թատերաբեմ։
1920 թուականի ջարդը երկրորդ մեծ արիւնահեղութիւնն էր։ Առաջինը եղած էր 1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ։ 1920-ի ջարդէն ետք, շատ քիչ հայեր մնացին Շուշիի մէջ, Շուշին դարձաւ համեմատաբար փոքր քաղաք մը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք դարձաւ Ստեփանակերտը։ 1921-ին Շուշիի բնակչութիւնը միայն 9223 էր, որոնցմէ 8894-ը՝ մահմետականներ։ 1988-ին քաղաքին ընդհանուր բնակչութիւնը միայն 13.500 էր, որոնցմէ միայն 2200-ը՝ հայեր։
Նոյն 1988-ին, Շուշիի ադրբեջանցիները սկսան քաղաքէն դուրս քշել հայերը։ 1989-ի մարդահամարի ժամանակ, Շուշիի մէջ հաշուըւած էին 15710 ադրբեջանցիներ եւ ընդամէնը՝ 290 հայեր։
1992-ին հայոց զօրքը տիրացաւ Շուշիին եւ քաղաքի ադրբեջանցի բնակչութիւնը հեռացաւ։ Շուշին 2005-ին ունէր 3191, իսկ 2015-ին՝ 4246 բնակիչ, գերազանցապէս՝ հայեր։
Մի քանի օր առաջ, ադրբեջանական զօրքը գրաւեց Շուշին, ու հիմա այդ շուրջ հինգ հազար հայերը հեռացած են․․․