ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ 15 Դեկտեմբերին Արցախ վերադարձան 566 անձեր, որոնք աւելի կանուխ հեռացած էին իրենց բնակավայրերէն մարտական գործողութիւններուն պատճառով: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշուենք, որ ընդհանուր առմամբ Արցախ վերադարձան 39 հազար 700 անձեր։