Քաղաքական յայտարարութիւնները պԷտք Չէ խափանեն գործընթացը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Արցախի հարցով ճամբաներու ապաշրջափակման հարցին:
«Երեք երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութեան 9րդ կէտին համաձայն՝ իսկապէս շրջանին մէջ կ՛ապաշրջափակուին բոլոր տնտեսական փոխադրամիջոցային ճամբաները: Հայաստան կ՛երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ապահովութիւնը` երկու ուղղութիւններով փոխադրութեան միջոցներու երթեւեկի, քաղաքացիներու եւ բեռներու տեղափոխման նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կ՛ապահովեն Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նաեւ, որ կողմերուն համաձայնութեամբ պիտի ապահովուի կառուցումը նոր փոխադրութեան հաղորդակցութեան միջոցներու, որոնք Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը պիտի կապեն Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին հետ: Տնտեսական ուղիներու ապաշրջափակումը եւ նոր ճամբաներու կառուցումը, ինչպէս կը հասկնաք, երկարատեւ հոլովոյթ է, որուն վերաբերող գլխաւոր հարցերը պիտի որոշուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով. «Ներկայիս աւելի հաւանական է երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնումը: Ռուս մասնագէտներու աջակցութեամբ` Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանին մէջ երկաթուղային ենթակառոյցներու` սահմանամերձ տարածքներու նախնական ուսումնասիրութիւն տեղի ունեցած է»:
Ան նաեւ քննադատեց Պաքուի մէջ կատարուած Ալիեւի եւ Էրտողանի յայտարարութիւնները՝ շեշտելով, որ քաղաքական յայտարարութիւնները պէտք չէ խափանեն ձեռք բերուած արդիւնքը՝ Արցախի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը: Աւելին, ան աւելցուց, որ քաղաքական յայտարարութիւնները պէտք է նպաստեն կարգաւորման գործընթացին:
Նշենք, որ Երեւանը, Սեւանը եւ Զանգեզուրը եւս գրաւելու Ալիեւի սպառնալիքին կողքին, Էրտողան ըսած էր, թէ այդ օր նշուած յաղթանակի օրը՝ «Էնվէր փաշայի, Նուրի փաշայի եւ Կովկասի իսլամական բանակի զինուորներու հոգիներուն լուսաւորման օրն է»: