Միշտ ալ անմեղը կը դառնայ տագնապներու, պատերազմներու, ճգնաժամերու, արկածներու եւ միջադէպերու զոհը:
Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ապրուստի, առողջապահական եւ երկրին գրեթէ բոլոր մարզերը հարուածող տագնապին պատճառով շաբաթավերջին մահացաւ 10-ամսեայ մանուկ Ժուրի Սէյիտը: Մանուկին ծնողքը հաստատեց, որ իր զաւկին համար դեղորայք որոնած է եւ հիւանդանոցային խնամքի դիմում ներկայացուցած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, սակայն դիմումը մերժուած է, եւ այդ պատճառով ալ երեխան մահացած:
Մինչդեռ Մազպուտի հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն, երեխան հիւանդանոց փոխադրուած է արեան մէջ թթուածինի պակասով եւ մարմնին վրայ կապոյտ հետքերով:
Տեղեկագիրին համաձայն, հիւանդանոցը երեխային տրամադրած է պէտք եղած բուժումը եւ ապահոված, որ զայն պահեն վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, սակայն աւելի ուշ բժշկական անձնակազմէն անկախ որոշում տրուած է երեխան փոխադրելու այլ հիւանդանոց:
«Հիւանդանոցը զգուշացուցած է, թէ կարելի չէ երեխան փոխադրել, եթէ յատուկ հիւանդատար մը չապահովուի: Սակայն պատկան կողմերը պնդած են, որ փոքրիկը պէտք է տեղափոխեն եւ անձնական ինքնաշարժով մը փոխադրած են: Քանի մը վայրկեան ետք, անոնք վերադարձած են հիւանդանոց եւ ի յայտ եկած է, որ երեխային սիրտը կեցած է: Հիւանդանոցի անձնակազմը փորձած է փրկել զայն, սակայն արդիւնքը եղած է ժխտական», նշուեցաւ հիւանդանոցի տեղեկագիրին մէջ:
Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան պահանջեց Ժուրի Սէյիտի մահուան մասին հետաքննութիւն բանալ, ինչպէս նաեւ կապ հաստատած է երեխայի ծնողքին եւ հիւանդանոցի անձնակազմին հետ` այս նպատակով:
Հասան նախարարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Ժուրի Սէյիտի ընտանիքին եւ առողջապահական ու բժշկական մարզի պատասխանատուներուն յանձնարարեց հիւանդ քաղաքացիներուն զօրակցիլ եւ հասնիլ անոնց` շրջանցել կարենալու համար երկիրը յուզող այս զգայուն փուլը:
Միւս կողմէ, դեղարաններու սեփականատէրերու համախմբումը յայտարարեց, որ այսօր` երկուշաբթի, 12 եւ վաղը` երեքշաբթի, 13 յուլիսին դեղարանները պիտի վերաբացուին` ջնջելով բաց գործադուլի որոշումը, եւ սպասելով Համատ Հասանի տուած խոստումին:
Համախմբումին յայտարարութիւնը կը նշէ, թէ դեղարանները դեղորայք պիտի վաճառեն միայն շտապ պարագաներուն:
«Նախարարի պաշտօնակատար Հասանի խոստումը չիրականանալու պարագային, դեղարաններուն բաց գործադուլը դարձեալ պիտի շարունակուի չորեքշաբթի, 14 յուլիսէն սկսեալ:
Նշենք, որ վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապները իրենց կարգին կը յամենան, լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ գահավիժիլ, իսկ սղաճը կը շարունակէ իր թռիչքը` արաբական հացի կապը հասցնելով 5000 լ. ոսկիի:
Այս բոլորին առընթեր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ: