«Գալիֆորնիա Գուրիըր՚ թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.
Հայաստան կատարած վերջին ուղեւորութեանս ընթացքին, լրագրողները յաճախ ինծի կը հարցնէին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ո՞ր թեկնածուին ձայն պիտի տամ Նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններուն: Պատասխանս յստակ էր՝ ես քուէ չեմ տար ո՛չ նախագահ Օպամային, եւ ո՛չ էլ նահանգապետ Ռոմնիին: Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ, ես ուրախութեամբ իմացայ, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը միեւնոյն որոշումը կայացուցած էր` հաւանութիւն չտալով թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն:
Դժուար չէր նման որոշում կայացնել, քանի որ երկու թեկնածուներն ալ հայերը յուսախափ ըրած էին. նախագահը հաւատարիմ չէր մնացած իր խօսքերուն հայկական եւ ոչ հայկական շատ հարցերու վերաբերեալ, իսկ անոր մրցակիցը որեւէ հետաքրքրութիւն չէր ցուցաբերած ամերիկահայ համայնքի եւ անոր հարցերուն շուրջ:
Ահա նախագահ Օպամայի` հայկական հարցերուն վերաբերեալ դրժած խոստումներուն երկար ցանկը.
1. 2008 թուականի նախագահական քարոզարշաւի ընթացքին ան բազմիցս խոստացած էր ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ ընտրութիւներէն ետք խախտեց իր խոստումը:
2. Օպամայի վարչակազմը ընդդիմացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Գոնկրէսի բանաձեւի ընդունման:
3. Նախագահ Օպամա զգալիօրէն կրճատեց Հայաստանի եւ Արցախի համար նախատեսուած արտաքին օգնութեան գումարը: Աւելին, անոր վարչակազմը չծախսեց Գոնկրէսի կողմէ Արցախին յատկացուած օգնութեան ամբողջական գումարը:
4. Ան ճնշում գործադրեց Հայաստանի վրայ` 2009 թուականին Թուրքիոյ հետ տխրահռչակ Արձանագրութիւնները ստորագրելու համար:
5. Նախագահ Օպաման չստիպեց Թուրքիային վերացնելու վերջինիս կողմէ Հայաստանի շրջափակումը:
6. Ան ձայն չհանեց Ատրպէյճանի նախագահի` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ պատերազմի բազում սպառնալիքներուն առնչութեամբ եւ անտեսեց Արցախի ինքնորոշման սատարելու իր նախընտրական խոստումը:
7. 2010 թուականի Դեկտեմբերի վերջին, շրջանցելով Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտներու կողմէ դրուած ՙկասեցումը՚, նախագահ Օպաման միակողմանիօրէն Մեթիու Պրայզան Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակեց: Ամերիկահայ համայնքի ճնշող մեծամասնութիւնը դէմ էր Պրայզայի թեկնածութեան:
8. Նախագահ Օպամա խախտելով այլ խոստում մը` չյաջողցուց Հայաստանի հետ առեւտուրի խթանումը:
9. Ան եւ պետական քարտուղար Հիլարի Գլինթըն չարձագանգեցին ամերիկահայ ղեկավարներուն հետ հանդիպելու անոնց բազմաթիւ խնդրանքներուն` իրենց մտահոգութիւնները ներկայացնելու համար:
Ամերիկահայերը կարիք չունին աղաչելու, որ նախագահ Օպամա ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, քանի որ նախագահ Ռոնալտ Ռէյկըն նման յայտարարութիւն ըրած էր 1981թուականի Ապրիլ 22-ի իր նախագահական Հռչակագրին մէջ:
Չճանչնաով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նախագահ Օպամա պարզապէս կորսնցուց իր իսկ վստահելիութիւնը: 2008 թուականին ամերիկահայերու մեծ մասը կը հաւատար անոր. 2012-ին անոր այլեւս չեն հաւատար: Ինչպէս յայտնի ասացուածքը կ’ըսէ` «մէկ անգամ զիս խաբես` ամօթ քեզ, երկրորդ անգամ զիս խաբես` ամօթ ինծի՚:
Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ այսպիսի գնահատականը չափազանց սուր է եւ խիստ կենտրոնացուած զուտ հայկական հարցերու վրայ, պէտք է տեղեակ ըլլան, որ համաձայն politifact.com կայքի` նախագահ Օպամա չէ կատարած նաեւ իր միւս 86 խոստումները ազգային եւ միջազգային հարցերուն վերաբերեալ:
Նահանգապետ Ռոմնիի կապերը ամերիկահայերու հետ աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն: Ան խուսափած է համայնքի հետ որեւէ շփումէ` չփորձելով նոյնիսկ ստանալու անոնց աջակցութիւնն ու ձայները: Խնդիրը այն է, որ եթէ հիմա, երբ իւրաքանչիւր ձայն խիստ անհրաժեշտ է անոր ընտրուելու համար, ան այսպիսի անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ, ապա ընտրութիւններէն ետք, անկասկած, ան ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ հայերուն եւ անոնց խնդիրներուն:
Ակնյայտօրէն անխոհեմ է, որ նախագահի երկու թեկնածուներն ալ չեն ձգտած ստանալու ամերիկահայ ընտրողներու աջակցութիւնը կարեւորագոյն նահանգներու մէջ, այն ժամանակ, երբ մրցավազքը այնքան թէժ է, որ նոյնիսկ փոքր քանակութեամբ ձայները կրնան ճակատագրական ըլլալ: Սակայն երկու թեկնածուներու համար ալ դեռ ուշ չէ բանակցելու ամերիկահայ համայնքի ղեկավարութեան հետ եւ անդրադառնալու անոնց խնդիրներուն: Սա չի կրնար դիւրին խօսակցութիւն ըլլալ, քանի որ գործնականօրէն անհնար է վստահիլ նախագահ Օպամայի նոր խոստումներուն.անոր միակ արժանահաւատ գործունէութիւնը կրնայ ըլլալ մինչեւ նոյեմբեր 6 հայկական կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ դրական քայլ կատարելը: Միւս կողմէ, նահանգապետ Ռոմնին աւելի ծանր կացութեան մէջ է, քանի որ թեկնածու ըլլալով, ան կրնայ միայն խոստումներ տալ, որոնք լրջօրէն չեն ընդունուիր այս ուշացած պահուն:
Ամերիկահայ համայնքը պէտք է ընտրական նոր ռազմավարութիւն որդեգրէ, որպէսզի խուսափի կրկին կեղծ խոստումներէ խաբուելէն: Միայն այն թեկնածուները, որոնք կատարած են իրենց նախընտրական խոստումները առաջին պաշտօնավարման ընթացքին, պէտք է աջակցութիւն ստանան վերընտրուելու համար: Հայանպաստ կարեւոր ձեռքբերումներ չունեցող կամ նոր թեկնածուներու խոստումները պէտք է պարզապէս անտեսել:
Ի վերջոյ, նախագահի քուէարկութեան չմասնակցելը չի նշանակեր խաղէն դուրս մնալ ընտրութիւններու ժամանակ: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի 100 անդամներու մէկ երրորդը, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատի բոլոր 435 անդամները վերընտրութեան թեկնածու են: Ամերիկահայ ընտրողները պէտք է սատարեն իրենց հարցերուն թիկունք կանգնած թեկնածուներուն` զիրենք վերընտրելով, եւ պէտք է պատժեն իրենց հակառակորդները` զիրենք պաշտօնէն հեռացնելով: Կը խնդրեմ նկատի առնել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի վարկանիշները Գոնկրէսի բոլոր թեկնածուներուն համար www.anca.org կայքին մէջ:
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը