ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Հալէպաբնակ իմ գրասէր երէց բարեկամուհիներէն մին, որ առողջական լուրջ դժուարութիւններու բերումով տունէն դուրս չէր կրնար ելլել, հեռաձայներ էր ինծի ու խնդրեր.
– Ընթերցումի համար աղուոր գիրք մը առաջարկէ ինծի: Թող արեւմտահայերէն ըլլայ, նախընտրաբար` վիպական գործ մը:
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ` անզգալաբար իրեն տուի ֆրանսահայ գրող Զարեհ Որբունիի անունը եւ թելադրեցի, որ ակումբի գրադարանէն ապահովէ անոր «Փորձը» վէպը եւ ընկղմի անոր մէջ…
Երկու շաբաթ անց մեր այս բարեկամուհին կրկին կը հեռաձայնէր ինծի` աւետելու համար, թէ անցեալ շաբաթ ծայրէ ծայր համբերութեամբ կարդացեր էր ոչ միայն «Փորձը», այլեւ` անոր շարունակութիւնը համարուող «Թեկնածուն» վէպը:
Ուրեմն, մէկի փոխարէն, կարդացեր էր երկու գիրք, երկու վէպ…
Մեր ընթերցողուհին սիրեր էր Որբունիի գրական ոճը, ախորժեր էր վէպերուն ընդհանուր բովանդակութենէն, որքան ալ անոնց մէջ ծանր կշռած ըլլային հոգեբանական վերլուծումներն ու իմաստասիրական սուզումները: Անոր գրելաոճը նմանցուցեր էր Զապէլ Եսայեանի ոճին:
Հեռաձայնը փակելէ ետք պահ մը անձնատուր եղայ տխուր մտորումներու:
Հարց տուի ես ինծի. «Ո՞վ կը յիշէ կամ կը կարդայ այսօր Զարեհ Որբունին…»: Դպրոցական մեր դասագիրքերուն մէջ չկայ այս անունը, ուստի լայն զանգուածներու համար իսկական անծանօթ մըն է ան:
Զարեհ Որբունի՜…
Ծնած` Օրտու (Սեւ ծովու ափին), 1902-ին, մահացած` 1980-ին, Փարիզ: Շատերու նման ի՛նք ալ կը պատկանէր Մեծ եղեռնի որբերու սերունդին: Հազար դժուարութիւններով կրցաւ մորթը փրկել ու Խրիմի վրայով անցնիլ Պոլիս, ուր, զինադադարէն ետք, բախտն ունեցաւ ուսանելու Պէրպէրեան վարժարանը: Շուտով սակայն անցաւ Ֆրանսա ու դարձաւ ֆրանսահայ առաջին գրողներու խմբակին յայտնի անուններէն մին` Շահան Շահնուրի, Վազգէն Շուշանեանի, Շաւարշ Նարդունիի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Նշան Պէշիկթաշլեանի, Հրաչ Զարդարեանի եւ միւս տղոց կողքին:
85 տարի առաջ, 1929-ին, 27 տարեկան Որբունի (բուն մականունով` Էօքսիւզեան) Մարսէյի մէջ հրատարակեց իր անդրանիկ վէպը` «Փորձը», Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին հետ գրեթէ նոյն օրերուն: Անշուշտ, Շահնուրի չափ բախտաւոր չեղաւ, որովհետեւ իր երկը չունէր ո՛չ «Նահանջ»-ին վիպական կառուցուածքը` իրերայաջորդ «զգայացունց» պատկերներով ու բազմաթիւ հերոսներով, ո՛չ ալ այն ազգային պատգամը, որ զարթուցիչ ժամացոյցի մը նման շարունակ պիտի ահազանգէր սփիւռքահայու մեր ուղեղներուն մէջ: Այնուամենայնիւ, Որբունի միշտ ալ պահեց հեղինակաւոր վիպագիրի մը համբաւը, մանաւանդ` 60-ական թուականներէն ետք, երբ վերանորոգեալ թափով արտադրեց բազմաթիւ արձակ ծաւալուն գործեր: Ի սկզբանէ չզլացաւ իր աշխատակցութիւնը բերել ֆրանսահայ մամուլին ալ («Յառաջ», «Ապագայ», «Մենք», «Զուարթնոց», «Կեանք եւ Արուեստ», «Մշակոյթ», «Անահիտ», «Անդաստան» եւայլն): Ախորժեցաւ օրագրութիւններ պահելու արուեստէն` նոյնիսկ պատերազմական ճակատի վրայ, երբ Բ. Աշխարհամարտին գերի ինկաւ գերմանացիներուն ձեռքը… Երբեմն հեռացաւ հայ գրականութենէն` դառնացած, ճաշարան բանեցուց Փարիզի մէջ երկար տարիներ (1951-65), բայց յետոյ կրկին վերադարձաւ իր բուն կոչումին:
«Փորձը» վէպը բազմահատոր վիպաշարքի մը առաջին հատորն էր: Անօթի, գործազուրկ եւ աննեցուկ հայու մը առօրեան է ան` ֆրանսական միջավայրի մէջ: Շուրջ քառասնամեակ մը յետոյ ատոր յաջորդեցին «Թեկնածուն» (Պէյրութ, 1967), «Ասֆալթը» (Պոլիս, 1972) եւ վերջապէս` «Սովորական օր մը» (1973) վէպերը, որոնք չորսը միասին կը կրէին «Հալածուածները» ընդհանուր խորագիրը: Աւելի ուշ լոյսին բերուեցան վիպաշարին Ե. եւ Զ. բաժիններն ալ: Հայաստանի մէջ ալ վերատպուեցաւ իր «Եւ եղեւ մարդ» վէպը, 1967-ին: Իր գրականութեան նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին մանաւանդ Սիմոն Սիմոնեան, Գրիգոր Պըլըտեան եւ Մարկ. Նշանեան:
Որբունի բեղուն վիպագիր մը ըլլալէ առաջ ու ատոր կողքին` եղած էր անյագ ընթերցող մը: Գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեան իր «Դար մը գրականութիւն» գրքին մէջ կը կատարէ սա՛ հաստատումը. «Որբունի հասած է վիպական-ստեղծագործական վաստակի որակի մը, որ վաւերագրումն է իր տաղանդին ու զինք զուգահեռի կը բերէ եւրոպական առումով մեծերու հետ»:
Հարցումը սակայն կը շարունակէ պարտադրել ինքզինք. «Ո՞վ կը յիշէ կամ կը կարդայ այսօր Զարեհ Որբունին…»:
Տխո՜ւր բան է չկարդացուիլը, չընկալուիլը, «չմարսուիլ»-ը: Այս իմաստով, Որբունիի վէպերը թերեւս ճակատագրակից են Յակոբ Օշականի վէպերուն…
* * *
Որբունիի այս հապճեպ յիշատակութիւնը, որ կը զուգադիպի իր մահուան 35-ամեակին, թերեւս ո՛չ մէկ շահագրգռութիւն ստեղծէ ժամանակակից հայ մարդուն մօտ: Ժամանակներն ու ճաշակները փոխուած են: Սակայն կ՛արժէ մտածել Պոլսոյ հին դպրոցներէն շրջանաւարտ այն հրաշալի ու հոյակապ սերունդներուն մասին (Որբունի, Շահնուր եւ բոլոր միւսները), որոնք ՇԱՏ ՏՈԿՈՒՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՄԸ ՏԻՐԱՊԵՏԱԾ ԷԻՆ ու դարձան սփիւռքահայ գրականութեան առաջին մշակները…
Այսօր մեր լաւագոյն գաղութներուն լաւագոյն դպրոցներն անգամ ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ իրականացնել այն, զոր այնքա՜ն դիւրութեամբ կը յաջողէին կատարել Պոլսոյ Պէրպէրեան կամ Կեդրոնական երբեմնի վարժարանները… Գրողնե՛ր արտադրել, մարդո՛ւժ հասցնել:
Նուազագոյնով բաւարարուելու յօժար պիտի ըլլայինք, եթէ մեր այսօրուան դպրոցները կարենային գէթ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐ արտադրել…
Ի դէպ, Որբունիի վէպերը կարդացող իմ գրասէր երէց բարեկամուհին Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի հին սանուհիներէն էր…
Հալէպ