ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Զարմանալի, շա՛տ, զարմանալի բան կայ մեր ներքաղաքական կեանքին մէջ.
– Չափի իսպառ բացակայութիւնը:
Կարելի է քննադատել գործ մը կամ գործիչ մը, նոյնիսկ ընկերային խաւ մը, կառավարութիւնը, ընդդիմադիր քաղաքագէտները, մտաւորականները, հոգեւորականը կամ նոյնիսկ ամբողջ դասը, այս կամ այն խմբակցութիւնն ու կուսակցութիւնը, հասկնալի է…
Ամէն պարագայի՝ մե՛ր պարագային տանելի չէ այն քննադատութիւնը, ուր սուտն ու զրպարտանքը, ատելութիւնն ու թշնամանքը խմորուած են այդ բոլորին մէջ:
Բայց քննադատել ժողովո՞ւրդը… հայհոյել ժողովուրդի՞ն… Ասիկա, բարեկամնե՛ր, անպատասխանատու արարք է ո՛չ միայն ժողովուրդին հանդէպ, այլ ինքնասպանութիւն է սեփական անձի կամ խմբակցութեան համար:
Չկարենալ համոզելը, աջակիցներ չգտնելը Ձեր գործն է եւ ոչ ժողովուրդինը: Ժողովուրդը՝ ՛՛ոչխար՛՛, ՛՛խաժամուժ՛՛, ՛՛անդիմագիծ հանրութիւն՛՛ կոչելը, իբրեւ թէ ձեր տեսածը չտեսնող հանրութիւնը ներկայացնել իբրեւ ՛՛քալող դիակներ, դատարկ ուղեղներ, կոյր աչքեր, աննկարագիրներ ՛՛ աւելի գէշ է քան սեփական ծնողքը անպատուելը…
Որովհետեւ բարձրագոյն արժէքը, որ պահողն է բոլոր միւս հիմնարար արժէքները՝ հայրենիքը, լեզուն, հաւատքը, մեր մշակոյթը, ժողովուրդն է, որուն մէկ մասնիկն ես դուն կամ դուք, բայց ոչ ամբողջը:
Ժողովուրդէն աւելի մեծ արժէք չկայ ազգերու պատմութեան մէջ:
Պէտք չէ մոռնալ այս ճշմարտութիւնը:
Վա՜յ մեզի՝ քանի կան մարդիկ կամ խմբակցութիւններ, որոնք իրենք զիրենք կը դասեն վեհագոյնը, որուն պէտք է հետեւի, որմէ սորվի, որուն երկրպագէ ազգը, որովհետեւ դուն է, որ պէտք է սորվիս անկէ, հետեւիս անոր, հաղորդակցիս անոր հետ, թեւանցուկ քալես անոր հետ ու երկրպագես անոր կամքին:
Այլապէս արկածախնդրութիւն կ՛ըլլայ ամեն ինչ եւ հետեւանքը՝ շատ տխուր: